Իսրայէլեան ուժերը կը սաստկացնեն Կազայի ռմբակոծումը

By Asbarez | Tuesday, 08 July 2014

 

ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Հակադարձելով Կազայէն արձակուած տասնեակներով հրթիռներուն՝ իսրայէլեան ուժերը Երեքշաբթի, Յուլիս 8ին սաստկացուցին Կազայի ռմբակոծումը՝ հարուածելով աւելի քան 100 դիրքեր եւ առնուազն 14 յաւելեալ զոհեր պատճառելով։


Մէկ օր առաջ, պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութիւնը հաղորդած էր, որ Կազայի իր դիրքերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով սպաննուած էին 8 պաղեստինցիներ, որոնցմէ վեցը կազմակերպութեան անդամներ էին։

Երեքշաբթի օր Կազայի մէջ սպաննուածներէն առնուազն երկուքը երեխաներ էին, իսկ չորսը՝ «Համաս»ի անդամներ։

Հաւանականութիւն կայ, որ իսրայէլեան ցամաքային ուժերը նաեւ Կազա ներխուժեն՝ անկէ արձակուող հրթիռներուն հոսքը զսպելու պատրուակով։

Բախումները հետեւանք են երեք հրեայ ծայրայեղականներու կողմէ առեւանգուած ու հրկիզուած պաղեստինցի պատանիի մը սպանութեան։ Սպանութիւնը երեք իսրայէլացի պատանիներու սպանութեան վրէժը լուծելու համար կատարուած էր:


comments

Advertisement