By Asbarez | Tuesday, 08 July 2014

ՄՈՍԿՈՒԱ, ՔԻԵՒ.- «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարած է, որ եթէ Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի խորհրդարանները եւս Մոլտովայի խորհրդարանին նման վաւերացնեն Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագիրը, ապա այդ երկիրներուն հետ առեւտուրին վրայ սահմանափակումներ կրնան պարտադրուիլ, «սակայն, ի հարկէ, հաշուի պիտի առնուին առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու ծաւալը եւ ռուսական շուկային համար հետեւանքները: Նախապէս, Մետվետեւ պահանջած էր մօտ ատենէն ռուսական շուկայի պաշտպանութեան վերաբերեալ որոշում տալ՝ հակադարձելու համար Մոլտովայի որոշումին:
Միւս կողմէ, յղում կատարելով Ուքրանիոյ ենթակառոյցներու նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ «Իթար-Թասս» կը հաղորդէ, որ Քիեւ մտադիր է միջազգային նաւագնացութեան դիմաց փակել Խրիմի տարածքին գտնուող նաւահանգիստները, որոնք ռուսամէտ ուժերու հակակշիռին տակ ինկած են: Ուքրանիա Մայիսին յայտնած էր Միջազգային ծովային կազմակերպութեան, որ կը պատրաստուի Խրիմի նաւահանգիստները փակելու մասին որոշում մը որդեգրելու:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ