Նախագահ Սերժ Սարգիսեան այցելեց Արժանթինի ՀՅ Դաշնակցութեան կեդրոնը

By Asbarez | Wednesday, 09 July 2014

 

 


ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ, «Արմէնիա».- Երեքշաբթի, Յուլիս 8ին, առաւօտեան ժամը 11։30ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Էտուարտօ Սէֆէրեան» ակումբը, իր պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ: Հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ, ակումբի մուտքին նախագահը ընդունուեցաւ հաց ու աղի աւանդական հիւրասիրութեամբ, մինչ ՀՄԸՄի «Արարատ» սկաուտական խումբի ղեկավարներ զինք պատուեցին սկաուտական փողկապով, որպէս յարգանքի նշան: Ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի, «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի եւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ, ՀՕՄի եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Կրասիէա Գէորգեան եւ Գարլոս Սէֆէրեան, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւներու անդամներ եւ տեղական մասնաճիւղերու անդամներ, «Արմէնիա» Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններու անդամներ, եւ Խրիմեան վարժարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները եւ ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ համակիրներ ու համայնքի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ իր գաղափարակից կազմակերպութիւններուն՝ Հայ Օգնութեան Միութեան, ՀՄԸՄի, Համազգայինի, Խրիմեան վարժարանի եւ «Արմէնիա» Երիտասարդական միութեան անունով բարի գալուստ մաղթելով նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ նախագահական պատուիրակութեան, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան նշեց. «Այս շէնքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր նախագահները ներկայ եղած են, եւ բոլորին ըսած ենք նոյնը: Պայմաններու բերումով իրերայաջորդ սերունդներ երբ հաստատուած են հայրենիքէն այսքան հեռու, այս ափերուն վրայ, միշտ հայապահպանումը ունեցած են կիզակէտ, միշտ հայ սերունդներ կերտելը եղած է իրենց համար նպատակ: Բայց արդէն 80ական թուականներէն ի վեր Հայ Դատի աշխատանքները, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, քաղաքականացումը, դարձած են մեր հիմնական աշխատանքները: Արդէն հոս հասակ առած է չորրորդ սերունդ մը, որ կազմուեցաւ ազատ ու անկախ հայրենիքի, Արցախի ազատագրական պայքարի, ձեզ նման հերոսներուն նայելով եւ անոնցմէ ներշնչուելով: Մենք այսօր արդէն կ՛ըսենք որ հայապահպանումը կը մնայ մեր հիմնական աշխատանքներէն մէկը, բայց արդէն պատրաստ ենք, եւ առած ենք մէկ քայլ դէպի առաջ: Այդ քայլը եղած է, ինչպէս սփիւռքի նախարար տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան կը շեշտէ, հայակերտման քայլը: Այդ քայլը եղած է մղելու մեր սերունդները, նայելու դէպի հայրենիք, երթալու հայրենիք, ճանչնալու հայրենիքը, եւ իրենց յանձնառութիւնը հայութեան հանդէպ կատարելու հայրենիք անկախ պետութեան հանդէպ: Մասնաւորաբար Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի այս նախօրեակին, այդ մեծ քայլին, որ ձեր խօսքերով, պիտի տայ հայ ժողովուրդը հասնելու համար հատուցման հանգրուանը, մեր պայքարին տալու նոր առաջնահերթութիւններ՝ մենք պատրաստ ենք»:

Այցելութեան առիթով նախագահ Սարգսեանին յանձնելով արժանթինեան քարերով ճատրակի տախտակ, որպէս ՀՅԴի եւ գաղափարակից կազմակերպութիւններուն կողմէ յուշանուէր, Տէր Ղուկասեան աւելցուց. «Պարոն նախագահ՝ մենք գիտենք որքա՛ն դուք վարպետ էք շախմատի խաղին մէջ, որքա՛ն այդ խաղը ձեր սիրտին մօտ է, որքա՛ն այդ խաղին հովանաւորած էք եւ այսօր Հայաստանի թիմը ամբողջ հայ ժողովուրդին պատիւ կը բերէ: Մենք պիտի ուզենք՝ երբ այստեղէն մեկնիք ձեզ հետ տանիք այս փոքր յիշատակը: Երբ շախմատիստ մը կը նայի միջազգային բեմին, կը մտածէ իր առնելիք քայլերը, եւ առաջ կը տանի այդ քայլերը միշտ մտածելով ապագայի մասին: Մեր փափաքն է, երբ այստեղէն հեռանաք՝ նայիք միջազգային յարաբերութիւններու շախ-մատային ձեր վարպետի աչքերով, հարաւային կողմը աշխարհի տեսնէք որ անցնող երկու-երեք տարիներուն ընթացքին մեր թշնամիները՝ ատրպէյճանցիները եւ թուրքերը, դէպի առաջ շարժումներ կատարած են: Բարեբախտաբար անոնց ընթացքը կ՛առնուի: Մենք վստահ ենք, որ ձեր այս այցելութիւնը այդ ընթացքը առնելու մեծ մղում մը պիտի տայ»: Եւ յուշանուէրին վրայ տեղադրուած «Մենք անկեղծ զինուորներ ենք» լոզունքին վերաբերեալ Խաչիկ Տէր Ղուկաեան ըսաւ. «Մենք կ՛ուզենք որ դուք գիտնաք, որ միշտ ունիք, ինչպէս որ միշտ եղած է մեր կուսակցութեան եւ իր կազմակերպութիւններու պարագային, անկեղծ զինուորներ, որ երբ դուք, Հայաստանի պետութիւնը, Հայաստանի անկախութիւնը, Հայաստանի ապագան, ուզէ քայլ մը առաջ տանիլ, վստահ եղէք որ մեր ընկերներով եւ ընկերուհիներով, մեր բարերարներով եւ մեր համակիրներով, պատրաստ ենք այդ քայլը առաջ տանելու, ի խնդիր Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի»:

Ապա խօսք առաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ նախ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար, եւ շեշտեց. «Այս գրութիւնը՝ «Մենք անկեղծ զիուորներ ենք», չափազանց պարտաւորեցնող է: Որովհետեւ մեզմնից իւրաքանչիւրը զինուոր է: Զինուոր է իր պարտականութիւնների շրջանակներում, զինուոր է իր պատասխանատուութեան շրջանակներում, զինուոր է իր գաղափարի համար: Եւ ես չափազանց ուրախ եմ, որ մեր ազգային կառոյցները, մեր ազգային կուսակցութիւնները, մեզ հպարտութիւն են ներշնչում, եւ մենք նաեւ դրանով տարբերւում ենք ուրիշներից»:

Շրջանին մէջ եւ ընդհանուր առմամբ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի աշխատանքին վերաբերեալ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց. «Ես շատ լաւ հասկանում եմ, որ մեր հակառակորդները, ոչ միայն աշխարհի այս մասում, այլ նաեւ տարբեր մասերում, փորձում են աշխուժանալ, փորձում են իրենց շահը յառաջ տանել, եւ մենք իրաւունք չունենք դրանում նրանց մեղադրել: Որովհետեւ իրենք էլ իրենց շահն են առաջ տանում: Մեր խնդիրն է որպէսզի մենք մեր ջանքերը նորոգենք: Մեր խնդիրն է, որպէսզի մեր եկող սերնդի մէջ այս կրակը վառ պահենք: Եւ մի կողմից ամրապնդելով Հայաստանում պետականութիւնը, միւս կողմից ամրապնդելով Սփիւռքում մեր կառոյցները: Մենք իրարով ենք ուժեղ: Մենք միասին շատ բան կարող ենք անել: Ես շատ լաւ հասկանում եմ քոնքրեթ Հարաւային Ամերիկայում, Արգենտինայում, Ուրուկուայում եւ այլ տեղերում նրանց ջանքերի նպատակը: Եւ նրանք իրենց ջանքերն են դնում այնտեղ, որտեղ մենք ուժեղ ենք: Բայց եթէ մենք պէտք է այս պայքարում զիջենք, ուրեմն տեւական ժամանակ յետոյ այս շէնքը ուրիշները պէտք է լինեն: Ես վստահ եմ, որ այդպէս երբեք չի լինելու: Ես վստահ եմ, որ ընդհակառակը՝ գնալով մեր շէնքերի թիւն աւելանալով, մեր համակիրների շարքերը մնալու են հոծ: Եւ ի հարկ է նաեւ շնորհիւ ահա այս գաղափարին՝ մենք բոլորս զինուոր ենք, այո՛ զինուոր ենք, եւ զինուոր էլ մնալու ենք: Այսպէս կարելի է միայն Հայաստանը ուժեղացնել»:

Մեկնելէն առաջ, նախագահ Սարգսեան իր կարգին յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան կողմէ արծաթեայ յոբելենական մետաղադրամներու հաւաքածոյ մը:

 


comments

Advertisement