Հայաստանի նախագահը Ուրուկուէյ կ՛այցելէ

By Asbarez | Wednesday, 09 July 2014

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հարաւային Ամերիկա կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, 9 Յուլիսին հասած է Ուրուկուէյ։ Այս մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Տիեկօ Գարամանուկեանը։


Անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Մոնթէվիտէոյի «Արմէնիա» հրապարակ, այնուհետեւ նախագահական պալատ, ուր Սերժ Սարգսեան պիտի հանդիպի այդ երկրի նախագահին՝ Ժոզէ Միւժիքայի հետ, որ աշխարհի ամէնէն աղքատ նախագահներէն մէկն է։

9 Յուլիսին աւարտեցաւ Սերժ Սարգսեանի եռօրեայ այցելութիւնը Արժանթին: Պուէնոս Այրեսի մէջ բաւական մեծ թիւով հայեր հետեւած են Հայաստանի նախագահի այցելութեան: Սակայն Արժանթինի մէջ քաղաքական հանդիպումները այնքան ալ յաջող չէին այն իմաստով, որ երկրի նախագահ Քրիսթինա Ֆերնանտեզ Տէ Քիրչնըրը հիւանդութեան պատճառով չմասնակցեցաւ որեւէ պաշտօնական հանդիպման։

Սերժ Սարգսեան ընդունեց Արժանթինի փոխնախագահ Ամատօ Պուտուն, երբ ամբողջ արժանթինեան մամուլը կը սպասէր փոխնախագահի հրապարակային յայտնութեան, քանի որ ան դատուած էր փտածութեան մեղադրանքներով: Ընդդիմութիւնը կը պահանջէր անոր հրաժարականը: Եւ այս պայմաններուն մէջ քիչ մը տարօրինակ էր, որ նախագահին կողմէ Սերժ Սարգսեանը ընդունեց փոխնախագահը, որ խնդիրներ ունի արդարադատութեան հետ:

Համայնքային կառոյցներուն հետ հանդիպումներուն եւ ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, կարեւոր հանդիսութիւններ տեղի ունեցան յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի հիմնարկէքի արարողութիւնը, նաեւ նոր հրապարակ մը կոչուեցաւ հայկական անունով։

Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ կ՛ուզէ բարեկամ երկիրներուն նախագահները 24 Ապրիլ 2015ին հրաւիրել Հայաստան։

Հայաստանի նախագահը, անդրադառնալով ղարաբաղեան խնդիրին՝ ըսաւ, որ չի բացառեր պատերազմի վերսկսումը, բայց Հայաստանը ունի բաւական ուժ եւ պատրաստ է այդ մարտահրաւէրներուն: Ան նաեւ ցաւ յայտնեց, որ Ռուսիան՝ ըլլալով Հայաստանի թիւ մէկ դաշնակիցը, զէնքեր կը մատակարարէ Ատրպէյճանին։


comments