Քերի կը զգուշացնէ Աֆղանիստանի մէջ ապօրինաբար իշխանութեան տիրանալու փորձերէն

By Asbarez | Wednesday, 09 July 2014

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի զգուշացուց «Աֆղանիստանի մէջ ապօրինաբար իշխանութեան տիրանալու փորձերէն»՝ սպառնալով «ելեւմտական ու ապահովական օժանդակութիւնները դադրեցնել»:


Քերի յայտնեց, որ «մտահոգութեամբ» տեղեկացած է Աֆղանիստանի մէջ կատարուող ցոյցերուն մասին: Ան ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ Աֆղանիստանի ընտրական յանձնախումբերէն կ՛ակնալէ համապարփակ ստուգումներ կատարել ենթադրեալ ընտրակեղծիքներուն շուրջ: Ան աֆղան բոլոր ղեկավարներուն կոչ ուղղեց հանդարտ մնալու՝ վերջին տասնամեակին ընթացքին իրագործուած յառաջդիմութիւնը եւ աֆղան ժողովուրդի վստահութիւնը պահպանելու համար:

Աֆղանիստանի նախագահական ընտրութեանց երկրորդ հանգրուանի նախնական արդիւնքներուն շուրջ տարակարծութիւններ կան՝ գլխաւոր երկու թեկնածուներուն միջեւ։


comments

Advertisement