Կազայի վրայ Իսրայէլեան յարձակումը տասնեակնրով զոհեր կը խլէ

By Asbarez | Wednesday, 09 July 2014

 

ԿԱԶԱ, «Էյ.Փի.».- Իսրայէլեան բանակը Չորեքշաբթի, Յուլիս 9ին Կազայի դէմ իր գործողութիւններուն նոր թափ տուաւ եւ անոր օդուժն ու ծովուժը շարունակեց ռմբակոծումները՝ պատճառելով տասնեակներով զոհեր ու վիրաւորներ:


Կազայի մէջ առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով, Չորեքշաբթի օր արձանագրուած զոհերուն թիւը 24ի հասած է, իսկ վիրաւորներունը՝ 200ի: Մէկ օր առաջ 23 պաղեստինցիներ սպաննուած էին իսրայէլեան ռմբակոծումներուն հետեւանքով։

Իսրայէլ Չորեքշաբթի օր նաեւ խոստացաւ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին պաղեստինեան «Համաս»ին դէմ ճակատամարտի դաշտը ընդարձակել:
Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Կազայէն արձակուած հրթիռներ ինկած են Արեւմտեան Նեկեւի մէջ: Կազայէն հինգ հրթիռներ արձակուած են նաեւ Երուսաղէմի եւ Թել Աւիւի ուղղութեամբ:

Անոնց մէկ մասը օդին մէջ չէզոքացուած է իսրայէլեան հակաօդայիններու կողմէ, իսկ միւսները միայն նիւթական վնասներ պատճառած են։

Պաղեստինեան «Քասսամի ջոկատներ»ը յայտարարեց, որ իր անդամներէն բաղկացած մասնայատուկ ուժ մը, ծովու ճամբով, Յուլիս 8ին ներխուժած է Աշքելոնի մէջ իսրայէլեան ծովուժին պատկանող ռազմակայան մը, ինչպէս նաեւ 10 հրթիռներով ռմբակոծած է ռազմակայանները: Յարձակումներուն հետեւանքով սպաննուած են 5 պաղեստինցիներ:

Մինչ Ուաշինկթըն եւ ՄԱԿ դատապարտեցին Կազայէն Իսրայէլի դէմ կատարուած հրթիռարձակումները, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իսրայէլին կոչ ուղղեց Կազայի դէմ գործողութիւնները դադրեցնելու եւ ինքնազսպում ցուցաբերելու։

 


comments

Advertisement