Սուրիա՝ աշխարհի ամէնէն անապահով երկիրը

By Asbarez | Wednesday, 09 July 2014

 

ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանական «Թելեկրաֆ» թերթը կը գրէ, թէ ըստ Տնտեսութեան եւ խաղաղութեան հիմնարկին՝ աշխարհի տարածքին խաղաղութեան եօթնամեայ անկումը շարունակուած է վերջին 12 ամիսներուն ընթացքին։ Ըստ համաշխարհային խաղաղութեան նուիրուած ցանկին, որ պատրաստուած է՝ առանց նկատի առնելու Իրաքի վերջին զարգացումները, Սուրիա փոխարինած է Աֆղանիստանը, իբրեւ աշխարհի ամէնէն անապահով երկիրը։ Իրաք կը գտնուի չորրորդ դիրքի վրայ, Ռուսիա՝ 10րդ, Իսրայէլ՝ 13րդ, Լիբանան՝ 16րդ, Եգիպտոս՝ 18րդ, Թուրքիա՝ 34րդ, Ատրպէյճան՝ 39րդ, Վրաստան՝ 51րդ, Ամերիկա՝ 61րդ, իսկ Հայաստան՝ 65րդ։ Իսլանտա պահպանած է ամէնէն խաղաղ երկիրի իր կարգավիճակը։ Անոր կը յաջորդեն Դանիան, Աւստրիան, Նիւ Զելանտան, Զուիցերիան, Ֆինլանտան եւ Քանատան։


comments

Advertisement