«Ակօս»ի կայքին վրայ յարձակողները կը սպառնան Հայերը բնաջնջել

By Asbarez | Wednesday, 09 July 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պոլսոյ «Ակօս» երկլեզու թերթի համացանցային կայքը ենթարկուած է կայքահէններու յարձակումին: Կայքահէնները հոն տեղադրած են Թուրքիոյ վարչապետ, նախագահի թեկնածու Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի լուսանկարը, գրած են հայատեաց արտայայտութիւններ, իսկ գովեստի խօսքեր՝ Էրտողանի հասցէին։

«Մենք շատ տեսած ենք ձեզի պէս դաւաճաններ: Գիտենք ձեր ըրածներն ու ընելիքները: Բայց ասկէ ետք, մենք պիտի ըլլանք կացութեան տիրողը: Օսմանեան մեծ պետութիւնը՝ առաջնորդ Էրտողանի հետ միասին, պիտի վերածնի։ Այս ձայնը օսմանցիի ըմբոստ ձայնն է՝ ընդդէմ Հայաստանի, ընդդէմ Միացեալ Նահանգներու, ընդդէմ Իսրայէլի: Ձեր արմատները պիտի չորցնենք», նշուած է «Ակօս»ի կայքին վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան մէջ:

Հոն ակնարկութիւն կայ նաեւ «Ակօս»ի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքի մասին: «Ոմանք դեռ Հրանդ Տինքի մասի՞ն կը խօսին: Մի՛ մոռնաք՝ աշխարհի մէջ եթէ նոյնիսկ մէկ թուրք մնայ, ձեզ պիտի հետապնդէ»:

Թրքական շարք մը լրատուամիջոցներ «Ակօս»ի վրայ կատարուած այս յարձակումը որակած են իբրեւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ քաղաքական նպատակներ հետապնդող յարձակում:

«Ակօս»ի կայքը աւելի ուշ վերադարձած է իր սովորական գործունէութեան՝ վտարելով կայքահէնները։

 


comments

Advertisement