Կազայի վրայ Իսրայէլեան յարձակումի զոհերուն թիւը 85ի կը հասնի

By Asbarez | Thursday, 10 July 2014

 

ԿԱԶԱ, «Ֆարս».- Մինչ զինադա-դարի կոչեր կը կատարուէին, իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Կազայի ռմբակոծումը ուժգնութեամբ շարունակուեցաւ Հինգշաբթի, Յուլիս 10ին, վերջին երեք օրերուն ընթացքին սպաննուած պաղեստինցիներու թիւը հասցնելով 85ի, որոնցմէ առնուազն 18ն երեխաներ էին։


Իսրայէլեան ռմբակոծումին հետեւանքով մասամբ կամ ամբողջութեամբ քանդուած են տասնեակներով բնակարաններ, հակառակ անոր, որ Իսրայէլ կը պնդէ, թէ յարձակումներուն թիրախները պաղեստինեան «Համաս» կաղմակերպութեան կեդրոններն են։

Իրենց կարգին, պաղեստինեան «Քասամ ջոկատներ»ու անդամները ռմբակոծեցին Կազայէն 70 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտուող իսրայէլեան Ռեմոն ռազմական օդակայանը, ինչպէս նաեւ Կազայի սահմանակից շրջաններ, իսրայէլեան բնակեցման վայրեր ու տարբեր քաղաքներ: Պաղեստինեան հրթիռները հասան մինչեւ Թել Աւիւի հարաւը:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր մը յայտնեց, որ Կազայի դէմ ցամաքային գործողութեան մը պատրաստութիւնները իրենց վերջին հանգրուանին հասած են՝ աւելցնելով, որ իսրայէլեան բանակը վերջին 3 օրերուն 500 թիրախներ հարուածած է:

Իսրայէլի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը, ըստ իսրայէլեան «Ուալահ» կայքին՝ քաղաքին մէջ տիրող ապահովական կացութեան պատճառով փակուած է:
Նշանակալից այլ զարգացումով մը, իսրայէլեան «Պողպատեայ գմբէթ» հակահրթիռային համակարգը Չորեքշաբթի գիշեր վար առաւ երկու հրթիռներ, որոնք կ՛ուղղուէին դէպի Տեմոնայի շրջան, ուր կը գտնուի Իսրայէլի հիւլէական կայանը:

«Քասսամ ջոկատներ»ը յայտարարեցին, թէ Տեմոնա քաղաքը ռմբակոծած են «Էմ.75» տիպի երեք հրթիռներով:

 


comments

Advertisement