By Asbarez | Thursday, 10 July 2014

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, վկայակոչելով ամերիկեան եւ իրաքեան զինուորական աղբիւրներ՝ կը հաղորդէ, որ Իրան ռազմական երեք օդանաւ ուղարկած է Իրաք, ուր իրենց յառաջխաղացքը շարունակել կը փորձեն Իսլամական պետութեան զինեալները: Աղբիւրներուն համաձայն՝ ռուսական «Սու-25» օդանաւերը արդէն իսկ գործողութիւններ կատարած են Իրաքի արեւմուտքը եւ հիւսիսը:
Միւս կողմէ, «Պի.Պի.Սի.»ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի կառավարութիւնը հաստատած է, որ Իսլամական պետութեան զինեալները գրաւած են քիմիական զէնքի պատրաստութեան գործարան մը:
ՄԱԿին ուղղուած նամակի մը մէջ, Իրաք տեղեկացուցած է, որ չի կրնար իրականացնել իր պարտաւորութիւնները՝ քիմիական զէնքերուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու վերաբերեալ:
Պաղտատի հիւսիսարեւմուտքը գտնուող գործարանին մէջ կը պահուին քիմիական հրթիռներու մասեր, որոնք կը պարունակեն «սարին» եւ այլ թունաւոր նիւթեր:
ՄԱԿի եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները կը յայտնեն, որ գործարանին մէջ պահուող հրթիռները այնպիսի վիճակի մէջ չեն, որ զինեալները կարենան զանոնք օգտագործել: Գործարանը գրաւուած էր շուրջ երեք շաբաթ առաջ: Սիւննի ծայրայեղականները կը տնօրինեն Իրաքի հիւսիսարեւմուտքի մեծ մասը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ