By Asbarez | Thursday, 10 July 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ նախագահի ներկայացուցիչը Հինգշաբթի, Յուլիս 10ին հանդիպում մը ունեցած են Վարշաւիոյ մէջ՝ քննարկելով Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար անհրաժեշտ շարք մը գաղափարներ:
«Դեսպան (Ճէյմզ) Ուորլիք հանդիպում ունեցած է Իկոր Փոփովի, Փիեռ Անտիոյի եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ, նպատակ ունենալով զարգացնել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար անհրաժեշտ գաղափարները», նշած են Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն:
Դեսպանատան աղբիւրները ըսած են, որ առայժմ տեղեկութիւն չունին հանդիպման մանրամասնութիւններուն մասին, սակայն աւելցուցած են, թէ ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք որոշած է յատուկ ջանք թափել Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը իրականացնելու համար։
«Դեսպանը կ՛ակնկալէ, որ Սերժ Սարգսեան-Իլհամ Ալիեւ հանդիպումը պիտի կայանայ շուտով: Ան յոյս ունի այցելելու տարածաշրջան, նախագահներու հանդիպումը կազմակերպելու նպատակով», աւելցուցած են դեսպանատան աղբիւրները:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Հայաստան այցելութեան ընթացքին յայտարարած էր, թէ պատրաստ է Փարիզի մէջ հիւրընկալելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները, որպէսզի անոնք վերսկսին իրոնց ընդհատուած երկխօսութեան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ