Կասեցուած է դէպի Քարվաճառ Ատրպէյճանական թափանցման փորձը

By Asbarez | Thursday, 10 July 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը 10 Յուլիսին հաստատած է, որ ատրպէյճանական կողմը անգամ մը եւս ներթափանցման փորձ կատարած է՝ այս անգամ Քարվաճառի ուղղութեամբ:


Պաշտօնական տեղեկատուութեան համաձայն՝ Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերուն կողմէ ձեռնարկուած ազդու գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ հակառակորդին հետախուզական–ներթափանցող խումբը ժամանակին յայտնաբերուած է, անդամներուն մէկ մասը ձերբակալուած է, միւսները դիմած են փախուստի: Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը տեղեկացուցած է, որ համապատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ հայկական կողմը կորուստներ չէ տուած:

Մամուլը նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցած է այն մասին, որ Վարդենիսի մէջ նախանցեալ օր խուճապային իրավիճակ կը տիրէր, քանի որ տեղւոյն բնակիչները լուրեր ստացած էին յարձակումին մասին: Մարդիկ մտահոգ էին, որ ներթափանցում կատարել փորձող ատրպէյճանական խումբը կրնայ հասնիլ Վարդենիս:
Սակայն 10 Յուլիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատած է, որ Վարդենիսի ուղղութեամբ յարձակում չէ կատարուած:

 


Նշենք, որ 9 Յուլիսին հայաստանեան լրատուական կայքերը նաեւ տեղեկութիւն տարածած էին այն մասին, թէ Քելբաջարի մէջ պատանի մը անհետացած է: Լրատուամիջոցները չէին բացառած, որ պատանիին անհետացումը կրնայ կապ ունենալ հակառակորդի յարձակման հետ, այսինքն՝ ան գերի տարուած կրնայ ըլլալ:
10 Յուլիսին Լեռնային Ղարաբաղի ոստիկանութենէն «Ազատութեան» փոխանցած են, որ գերեվարուած ըլլալու մասին տեղեկատուութիւն չունին, սակայն հաստատած են, որ քանի մը օր առաջ անհետ կորսուած է 1997 թուականին ծնած Սմբատ Ցականեանը: Այժմ զայն կը փնտռեն։

 


comments

Advertisement