Ատրպէյճան կը խախտէ սպառազինութեան միջազգային պայմանները

By Asbarez | Thursday, 10 July 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Ադրբեջանը խախտում է Եւրոպայում սովորական զինուած ուժերի մասին պայմանագիրը», լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան սպառազինութիւններու եւ միջազգային անվտանգութեան վերահսկողութեան վարչութեան ղեկավար Սամուէլ Մկրտչեանը:

Արձանագրելով, որ Ատրպէյճանի սպառազինութիւններու հիմնական մատակարարներէն մէկը Ռուսիան է՝ ան յիշեցուցած է, որ հայկական կողմը այդ առնչութեամբ արդէն ներկայացուցած է իր գնահատականը: Միաժամանակ, Սամուէլ Մկրտչեան նկատել տուած է, որ 2007 թուականէն Ռուսիա սառեցուցած է Եւրոպայի մէջ սովորական զինուած ուժերու մասին համաձայնագիրի գործադրութիւնը:

Խախտումներու իրողութեան մասին խօսելով՝ Մկրտչեան յայտնած է, որ պէտք է համապատասխան ուսումնասիրութիւն կատարեն համաձայնագիրի գործադրութեան հետեւող մարմինները: «Ցաւօք, պայմանագիրն իրաւական մեխանիզմներ չի նախատեսում այն խախտող երկրների համար: Ամէն ինչ արտայայտւում է քաղաքական յայտարարութիւնների տեսքով», յայտնած է նախարարութեան ներկայացուցիչը՝ աւելցնելով, որ սպառազինութիւններու գնման մասին տուեալները գաղտնիք չեն, քանի որ տեղեկատուութիւնը կը փոխանցուի ԵԱՀԿին եւ ՄԱԿին:

Սամուէլ Մկրտչեանի համաձայն՝ Հայաստան կը տեղեկացնէ Ատրպէյճանի կողմէ այդ համաձայնագիրի խախտումներուն մասին, սակայն իրական քայլերը, որոնց կրնայ երկիրը ձեռնարկել, անձնական անվտանգութիւնը ապահովելն է:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ այս պարագային կարելի՞ է պնդել, որ Ռուսիա կը նպաստէ Ատրպէյճանի կողմէ Եւրոպայի մէջ սովորական զինուած ուժերու մասին համաձայնագիրի խախտման՝ Սամուէլ Մկրտչեան դիտել տուած է, որ նման պնդում կատարելը դժուար է: «Բայց իրականութիւնն այն է, որ 1990ականների սկզբին կնքուած պայմանագիրը հնացել է: Այն գործում է, սակայն այլեւս չի արտացոլում իրերի իրական դրութիւնը: Այդ պատճառով անհրաժեշտ է վերսկսել պայմանագրի արդիականացման շուրջ բանակցութիւնները: Հարկաւոր է նոր պայմանագիր, որը կը համապատասխանի այժմեան պահանջներին: Ընդ որում, նոր փաստաթուղթը պէտք է խախտումների համար պատժամիջոցներ նախատեսի», դիտել տուած է ան։

Նշենք, որ Ատրպէյճանի սպառազինութիւններու հիմնական մատակարարներն են Ռուսիան, Իսրայէլը եւ Ուքրանիան։


comments