30 Վայրկեան շարունակ Ատրպէյճանական կողմը կրակած է Չինարիի եւ Այգեձորի ուղղութեամբ

By Asbarez | Friday, 11 July 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 11 Յուլիսին հակառակորդը կրկին խախտած է զինադադարի դրութիւնը եւ 30 վայրկեան շարունակ կրակ բացած է Տաւուշի մարզի Չինարի եւ Այգեձոր գիւղերու ուղղութեամբ: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է, որ հայկական զինուած ուժերը պատասխանած են թշնամիին կրակոցներուն, որոնցմէ ետք սահմանին վրայ կրկին իրավիճակը հանդարտած է:


Չինարիի եւ Այգեձորի բնակիչները «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցած են, որ գիւղերուն մէջ հիմնականին մէջ վնասուած են տանիքները: Չինարիի մէջ կոտրած է քանի մը տան պատուհան, քանի մը փամփուշտ ծակած է սահմանին մօտ գտնուող տուներէն մէկուն խոհանոցը: Գիւղացիները յայտնած են, որ թէեւ կրակոցները դադրած են, սակայն կացութիւնը մտահոգիչ է, եւ ոչ ոք կը համարձակի դուրս ելլել տունէն։

Յիշեցնենք, որ հայ–ատրպէյճանական սահմանին եւ շփման գիծին վրայ վերջին օրերուն իրավիճակը լարուած է: Գրեթէ ամէն օր հակառակորդը կը խախտէ զինադադարի համաձայնագիրը ու հիմնականին մէջ կրակ կը բանայ բնակավայրերուն ուղղութեամբ: Հայկական զինուած ուժերը կը պատասխանեն հակառակորդի նպատակային կրակոցներուն, անկէ ետք լարուած իրավիճակը կը հանդարտի սահմանին վրայ: Ատրպէյճանցիներուն կողմէ կրակոցները բուռն եղած են Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղին ուղղութեամբ՝ 9էն 10 Յուլիս լուսցող գիշերը։


comments