Դեսպան Ռենոն անհաւանական կը նկատէ Ֆրանսայի կողմէ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելը

By Asbarez | Friday, 11 July 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ֆրանսան չի կրնան զէնք կամ սպառազինութիւն վաճառել Ատրպէյճանին, հաստատած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենոն:

11 Յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դեսպանը դիտել տուած է, որ տեղեկութիւն չունի այն մասին, որ Ֆրանսան զէնք վաճառած է Ատրպէյճանին՝ աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, որ նման բան չէ եղած: «Ըլլալով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիր, Ֆրանսան չի կրնար չյարգել եւ չպահպանել այն բոլոր դրոյթները, որոնք հաստատուած են ՄԱԿի, ԵԱՀԿի կողմէ. այդ դրոյթներուն համաձայն՝ պէտք է ձեռնպահ մնալ, կտրականապէս մերժել զէնք կամ սպառազինութիւն վաճառել այնպիսի երկիրներու, որոնք կը գտնուին հակամարտութեան մէջ», յայտարարած է դեսպանը:

Ֆրանսայի դեսպանը ասուլիսի ընթացքին նաեւ կոչ ուղղած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն «պայմաններ ստեղծելու՝ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումի մը, որ առաջարկուած է Ֆրանսայի նախագահ Հոլանտի կողմէ:

 


comments