Իսրայէլ կը ծրագրէ Կազայի մէջ գործողութիւնները ընդարձակել

By Asbarez | Friday, 11 July 2014

 

ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Քնեսեթի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ կը ծրագրէ Կազայի մէջ գործողութիւնները ընդարձակել՝ աւելցնելով. «Ներկայիս ոչ ոքի հետ զինադադարի մասին կը խօսիմ: Ատիկա նոյնիսկ օրակարգի վրայ չէ»:


Ուրբաթ, Յուլիս 11ին, յաջորդական չորրորդ օրն ըլլալով, Իսրայէլ շարունակեց Կազայի ռմբակոծումը՝ պաղեստինցի զոհերուն թիւը բարձրացնելով 100ի, իսկ վիրաւորներունը՝ աւելի քան 700ի:

Պաղեստինցիք իրենց կարգին հակադարձեցին՝ ռմբակոծելով շարք մը իսրայէլեան բնակեցման վայրեր: «Սարայա Քուտս» խմբակը յայտարարեց, որ հինգերորդ անգամն ըլլալով ռմբակոծած է Թել Աւիւը:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր մը հաստատեց, որ Իսրայէլի դէմ արձակուած են աւելի քան 200 հրթիռներ:

Նշենք, որ Յուլիս 10ին, պաղեստինցիներուն Երուսաղէմի վրայ արձակած 5 հրթիռներէն երկուքը ինկան Քնեսեթին մօտ, իսկ Աշտոտի դէմ արձակուած 9 հրթիռներէն մէկը հարուածեց վարելանիւթի կայան մը՝ պատճառելով վիրաւորներ:

Իսրայէլեան աղբիւրներ նշեցին, որ իսրայէլեան բանակին կողմէ ցամաքային գործողութիւն մը «շուտով» կրնայ սկսիլ՝ աւելցնելով, որ պատրաստութիւնները աւարտած են ու միայն քաղաքական որոշումի կը սպասուի:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնած է. «Պէտք է աճապարել զինադադար հաստատելու, պաղեստինցի ժողովուրդը պաշտպանելու եւ Կազայի դէմ հետզհետէ սաստկացող յարձակումը կասեցնելու»:

Իր կարգին, Էրտողան, նախագահական ընտրարշաւի մէկ ելոյթին ընթացքին ըսաւ, որ Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները չեն կրնար բնականոն դառնալ այնքան ատեն, որ «Իսրայէլ կը շարունակէ անարդարութիւն գործադրել Կազայի մէջ»։

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի յայտնեց, որ Իսրայէլ ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունի, իսկ Թել Աւիւի մօտ ամերիկեան դեսպանատունը յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն Կազայի մէջ Իսրայէլի կողմէ ցամաքային գործողութեան դէմ չէ:

 


comments

Advertisement