Իսլամ ծայրայեղականները Իրաքի մէջ հիւլէական նիւթեր գրաւած են

By Asbarez | Friday, 11 July 2014

ՊԱՂՏԱՏ.- «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Իրաքի իշխանութիւնները պաշտօնապէս տեղեակ պահած են ՄԱԿը, որ իսլամ ծայրայեղականները գրաւած են Մուսուլի համալսարանին մէջ գիտական ուսումնասիրութիւններու համար օգտագործուող հիւլէական նիւթեր:


Ըստ ՄԱԿի մօտ Իրաքի դեսպան Մուհամմատ Ալի Հաքիմի՝ այդ նիւթերը կրնան օգտագործուիլ զանգուածային ոչնչացման զէնք արտադրելու համար: Դեսպանը խնդրած է ՄԱԿէն, որ Պաղտատի իշխանութեանց օգնէ՝ կանխարգիլելու համար Իրաքի մէջ եւ երկիրի սահմաններէն դուրս հիւլէական նիւթերու օգտագործումը ահաբեկիչներու կողմէ:

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմէն իրավիճակին ծանօթ աղբիւր մը յայտնած է, որ գողցուածը հարստացուած իւրանիոմ չէ, հետեւաբար՝ զայն դժուար է օգտագործել զէնք արտադրելու համար:


comments

Advertisement