By Asbarez | Friday, 11 July 2014

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Արապիա» կը հաղորդէ, որ Նիւ Եորքի դաշնակցային վերաքննիչ դատարանը Չորեքշաբթի, Յուլիս 9ին արձակած է վճիռ մը, ըստ որուն՝ Իրանի իշխանութիւնները պարտաւոր են 1.75 միլիառ տոլար վնասուց հատուցում կատարել ամերիկեան այն ընտանիքներուն, որոնց հարազատները զոհուած են 1983ին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած յարձակումին ընթացքին:
Նշենք, որ 1983ին, Պէյրութի մէջ ամերիկացի նաւազներու զօրակայանին ականահարումը 241 զոհ պատճառած էր: Ամերիկեան կողմը յարձակումին պատասխանատու նկատած էր Իրանն ու լիբանանեան «Հըզպալլա»ն:
«Արապիա» կ՛աւելցնէ, որ 2007ին ատեան մը վճռած էր, թէ Իրան պէտք է 2.65 միլիառ տոլար հատուցէ, սակայն իրանեան կողմը բողոքարկած էր վճիռը:
Միւս կողմէ, Ուաշինկթըն Յուլիս 10ին յայտարարեց, որ պատժամիջոցներ պարտադրած է Պէյրութի «Սթարզ Կրուփ Հոլտինկ» ընկերութեան դէմ, «Հըզպալլա»ի հետ գործակցելուն համար։ Ըստ Ուաշինկթընի՝ «Հըզպալլա» այդ ընկերութենէն կը գնէ սարքեր, որոնք կ՛օգտագործուին հզօրացնելու համար իր զինուորական կարողութիւնները, ինչպէս՝ առանց օդաչուի օդանաւեր ունենալու կարելիութիւնը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ