Հակառակորդի կրակոցէն Հայ զինուոր մը նահատակուած է

By Asbarez | Friday, 11 July 2014

ԵՐԵՒԱՆ.– 11 Յուլիսին՝ ժամը 15:00ի շուրջ (Երեւանի ժամանակացոյցով) հայ-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական յենակէտին մէջ, հակառակորդի կրակոցէն զոհուած է 1994 թուականի ծնունդ զինուոր Մովսէս Նորայրի Գասպարեանը:

Դէպքի մանրամասնութիւնները ճշդելու համար կը կատարուի հետաքննութիւն։

Պաշտպանութեան բանակը հրա-պարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը յայտնէ, թէ կը բաժնեկցի հայ զինուորին ծանր կորստեան ցաւը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Մ. Գասպարեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն:


comments

Advertisement