Թուրքիոյ «Նոր Զարթօնք»ը կ՛աջակցի նախագահութեան թեկնածու Տեմիրթաշին

By Asbarez | Monday, 14 July 2014

 

ՏԵՄԻՐԹԱՇ ՀԱՅԵՐԷՆ ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԵԼՈՒ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ

ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Նիուզ», «Մարմարա».- Թուրքիոյ հայկական «Նոր Զարթօնք» քաղաքացիական շարժումը յայտարարած է, թէ նեցուկ պիտի կանգնի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած քիւրտ (զազա) ղեկավար Սալահետտին Տեմիրթաշին: Վերջինս առաջադրուած է քրտամէտ Ժողովրդային ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կողմէ:


Վերոնշեալ շարժումին մէջ ընդգրկուած են Հայ մշակոյթի եւ հանդուրժողականութեան միութիւնը եւ «Նոր Ռատիօ»ն:

«Նոր Զարթօնք» քաղաքացիական շարժումը, ըստ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» լրատուական գօրծակալութեան՝ տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն, գողերուն, խաբեբաներուն ձայն չկայ: Նախագահի մեր թեկնածուն Սալահետտին Տեմիրթաշն է»:

Կիրակի օր, Տեմիրթաշ Պոլսոյ Կալաթասարայ շրջանի «Ճեզայիր» հաւաքասրահին մէջ հանդիպում մը ունեցած է հայ, յոյն, հրեայ եւ ասորի համայնքներէն հրաւիրուած անձերու հետ եւ ընդգծած է միասնութիւն պահելու եւ ամէն տեսակի խտրականութեան ընդդիմանալու կարեւորութիւնը: Տեմիրթաշ բաւական աշխոյժ ընտրապայքար մը յառաջ կը տանի եւ վստահաբար պիտի ապահովէ Թուրքիոյ քիւրտ քաղաքացիներուն քուէները: Թուրքիոյ 75 միլիոն բնակչութեան 14-15 միլիոնը քիւրտեր են: Տեմիրթաշ կը փափաքի շահիլ համակրանքը նաեւ տարբեր համայնքներու: Վերոնշեալ հանդիպման, Տեմիրթաշի ընկերակցած են կուսակցութեան երեսփոխաններէն Սըրրը Սիւրէյիա Էօնտեր, հայերու նկատմամբ իր համակրանքով յայտնի Սուր գաւառի նախկին քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշ եւ կուսակցութենէն այլ ներկայացուցիչներ:

Դռնփակ նիստէ մը առաջ, Տեմիրթաշ խօսք ուղղած է ներկաներուն եւ ընդգծած «Մեր հողը մեր հայրենիքն է» կարգախօսը՝ հաստատելով, որ բոլոր անիրաւուածներու եւ ճնշուածներու իրաւունքները պաշտպանելով՝ ան ընկերային հաշտութեան համակարգ մը ստեղծելու արշաւին պիտի ձեռնարկէ:

«Մանկութենէս ի վեր գտնուած եմ խտրականութեան ենթարկուած հատուածներու մէջ։ Մեծցայ հայկական թաղամասի մը մէջ: Որքա՛ն մեծցայ, այնքա՛ն աւելի լաւ հասկցայ, թէ ինչպիսի՛ խտրականութեան ենթարկուած էին հայերը: Հասկցանք, որ մենք ալ Թուրքիոյ մէջ միշտ «ուրիշ»ը նկատուած ենք եւ լուր իսկ չենք ունեցած: Որքան մեծցանք ու պետութեան հետ երես առ երես եկանք, հասկցանք ճշմարտութիւնը: Ես ալ հասկցայ, թէ ի՛նչ էր տիրող մտայնութիւնը. «Մէկ լեզու, մէկ կրօնք կայ, եթէ կրնաս յարմարիլ այս վարկածին, այն ատեն կրնաս ապրիլ համահաւասար հայրենակիցի նման»», ըսած է Տեմիրթաշ:

Տեմիրթաշ պնդած է, թէ հակառակ ամէն տեսակ ճնշումի ու պարտադրութեան, հակառակ մէկ ազգ հասկացողութեան՝ «մենք՝ «ուրիշ»ներս, պիտի շարունակենք ապրիլ միասնաբար: Թէ՛ պիտի ապրինք, թէ՛ զմեզ պիտի կառավարենք: Բոլոր անոնց, որոնք միայն ազգութեան ու ցեղապաշտութեան մասին կը խօսին, մենք յամառօրէն պիտի ըսենք, թէ մենք այս հողերուն մասնիկներն ենք, այս հայրենիքին հաւասար տէրերն ենք»:

Տեմիրթաշ խօսած է նաեւ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեանց մասին: «Պետութիւնը պարտական է ներողութիւն խնդրելու հայերէն, յոյներէն եւ ասորիներէն: Ասիկա կարեւոր է նաեւ այն պատճառով, որ պիտի հաստատէ, թէ այս հողերուն վրայ այլեւս ցեղասպանութիւն պիտի չգործադրուի: Մենք կ՛ուզենք եղբայրաբար ապրիլ թուրքերուն հետ, բայց եթէ այս հողերուն վրայ կայ հայ մը, որմէ ներողութիւն չէ խնդրուած, ապա այդ եղբայրութիւնը կը հակասէ արդարութիւնը: Այս պարտքը թուրք ժողովուրդին ճիտին չենք կրնար կապել: Պետութիւնը պէտք է խնդրէ: Ալաուիներուն եւ հայերուն ներողութիւն խնդրելու պարտական ենք: «Իմ հողս, իմ հայրենիքս» ըսելու փոխարէն, պէտք է ըսուի՝ «Մեր հողը, մեր հայրենիքը»», աւելցուցած է ան:

 


comments

Advertisement