ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Տիգրան Սարգսեան 14 Յուլիսին իր հաւատարմագիրները յանձնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութեան համաձայն՝ հաւատարմագիրներու յանձնման պաշտօնական արարողութեան ընթացքին դեսպան Սարգսեան նշած է, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները կը յատկանշուին բարձր մակարդակով եւ արդիւնաւէտ համագործակցութամբ: Ան աւելցուցած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ է յարաբերութիւններու զարգացման մեծ ներուժ, եւ իր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ ամրապնդել փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացումն ու ապահովել փոխգործակցութեան շրջանակի ընդլայնումը:
Ողջունելով եւ շնորհաւորելով Տիգրան Սարգսեանը՝ դիւանագիտական առաքելութեան մեկնարկին առիթով, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Օպամա վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ Հայաստանի նորանշանակ դեսպանը իր հարուստ փորձառութեամբ ու գիտելիքներով լաւագոյնս պիտի ծառայէ երկու բարեկամ ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւններու խորացման գործին:
Նախագահ Օպամա շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներ կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ փոխադարձ յարգանքի եւ շահերու վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները, գործընկերութիւնը միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ տնտեսական զարգացման ուղղութեամբ համագործակցութիւնը:
Նախագահ Օպամա ընդգծած է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ բարձր կը գնահատէ Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ հասնելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման եւ ամրապնդելու Հարաւային Կովկասի անվտանգութիւնը:
Զրուցակիցները ընդգծած են, որ ամերիկահայ համայնքը կարեւոր դերակատարութիւն ունի երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման մէջ: