Կարճատեւ դադարէ մը ետք՝ Կազայի ռմբակոծումը կը վերսկսի

By Asbarez | Tuesday, 15 July 2014

 

ԿԱԶԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Երեքշաբթի, Յուլիս 15ին, իսրայէլեան բանակը ընդարձակեց Կազայի վրայ յարձակումը, մինչ իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Երեքշաբթի օր Իսրայէլի դէմ աւելի քան 40 հրթիռ արձակուած է, սպաննելով իսրայէլացի մը:


Աւելի կանուխ կարճատեւ զինադադար մը տեղի ունեցած էր, երբ կողմերը կը քննէին զինադադարի հաստատման եգիպտական նախաձեռնութիւնը: Մինչ Իսրայէլ յայտնեց, որ համաձայն է եգիպտական նախաձեռնութեան, «Համաս» կտրուկ կերպով մերժեց առաջարկը՝ զայն նկատելով անարժէք եւ անձնատուութեան առաջնորդող քայլ մը:

Երեքշաբթի օրուան տուեալներով՝ Յուլիս 8ին սկսած իսրայէլեան ռմբակոծումներ առնուազն 194 զոհ խլած են։ Զոհերուն գրեթէ երկու երրորդը քաղաքայիններ էին։
Նոյն օրը, իսրայէլեան օդուժը Կոլանը ռբակոծեց՝ սպաննելով երկու սուրիացի զինուորներ եւ երկու կիներ։ Ըստ իսրայէլեան աղբիւրներու՝ ռմբակոծումը հակադարձութիւն մըն էր Կոլանէն արձակուած հրթիռներու, որոնք մարդկային զոհեր չէին խլած։

Նաեւ, «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ եգիպտական հողամասերէն Իլաթի դէմ արձակուած հրթիռի մը պատճառով, 4 իսրայէլացիներ վիրաւորուած են:
Միւս կողմէ, «Համաս»ի զինեալ թեւը՝ «Քասսամ փաղանգներ»ը, յայտարարեց, որ արտադրած է «Ապապիլ-1» անունով անօդաչու սարքեր, որոնցմէ մէկը Թել Աւիւի մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքին վերեւը թռիչք կատարած է:

Իսրայէլեան բանակը Յուլիս 14ին վար առած է նման օդանաւ մը, որ ռումբեր կը կրէր:

Պաղեստինեան սարքը վար առնուած է ամերիկեան «Փեթրիըթ» հակահրթիռային համակարգէն արձակուած հրթիռով: Իսրայէլեան բանակին գնահատումով՝ «Համաս» այլ անօդաչու սարքեր եւս ունի, սակայն զանոնք արտադրելու կարողութիւնը չունի՝ հաւանական նկատելով, որ այդ ճարտարագիտութիւնը ստացած է Իրանէն:


comments

Advertisement