Գործարար Լեւոն Հայրապետեանի ձերբակալութիւնը կրնայ քաղաքական պատուէր ըլլալ

By Asbarez | Wednesday, 16 July 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».– Մոսկուայի «Դոմոդեդովօ» օդակայանին մէջ 15 Յուլիսին ձերբակալուած է արցախցի յայտնի գործարար Լեւոն Հայրապետեանը, որ Ռուսիոյ մայրաքաղաք գացած էր Մոնաքոյէն: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Ռոսբալտ» գործակալութիւնը:


Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը ցարդ ոչ մէկ պաշտօնական տեղեկութիւն չունի գործարարին ձերբակալութեան մասին: Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Էդուարդ æամբազեան «Սիվիլնէթ»ին յայտնած է, որ ներկայիս փորձ կը կատարուի յստակացնելու տեղեկութեան իսկութիւնը եւ միջադէպի հանգամանքները:

Ըստ «Ռոսբալտ»ի՝ Լեւոն Հայրապետեան ձերբակալուած է «կինգիսեպսկ» յանցաւոր խումբի գործունէութեան հետաքննութեան ծիրին մէջ: «Խիստ հսկողութեան տակ գործարարը տարուած է Ռուսիոյ քննչական կոմիտէ՝ հարցաքննութեան: Այնտեղ պաշտօնապէս յայտարարած են անոր բանտարկութեան մասին, որ յառաջիկայ օրերուն քննիչները մտադիր են Մոսկուայի Պասմանի դատարան ներկայացնել անոր ձերբակալութեան միջնորդութիւնը», գրած է կայքը:

Յանցագործ խմբաւորման հետ Հայրապետեանի հաւանական կապի մասին քննիչներուն յայտնած է նախկին ծերակուտական Իգոր Իզմեստեւը, որ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած է:

Ըստ նախաքննական մարմինին՝ «կինգիսեպսկ» յանցագործ խումբը կատարած է աւելի քան 20 ծանր եւ առանձնայատուկ ծանր յանցագործութիւններ, նաեւ՝ տասնեակ սպանութիւններ:

Լեւոն Հայրապետեան ծնած է 1949ին: Երկար տարիներ որպէս լրագրող աշխատած է «Օգոնէօկ» ամսագիրին եւ «Կոմսոմոլսկայա Պրաւդա» պարբերականին մէջ: Հետագային Հայրապետեան սկսած է գործարարութեամբ զբաղուելու՝ նաւթի մատակարարումներուն վերաբերող։ Ներկայիս կը նկատուի հայկական Սփիւռքի ամէնէն հարուստներէն մէկը։

Լեւոն Հայրապետեանի ձերբակալութեան առնչութեամբ յայտարարութիւն կատարած է Արցախի հերոս Արկադի Տէր Թադեւոսեանը (Կոմանդոս):

Անոր համաձայն՝ «այս ակցիայի նպատակն է ստուեր գցել հայ-ռուսական բարեկամութեան վրայ, կասկածի տակ դնել Եւրասիական միութեանը Հայաստանի անդամակցութեան հարցը եւ որոշ չափով խոչընդոտել Արցախի բանակի կառուցմանը: Թուարկուածը յանգեցնում է Լեւոն Հայրապետեանի ձերբակալութեան քաղաքական պատուէրի մտքին»:

Արկադի Տէր Թադեւոսեանի համաձայն՝ կատարուածը խորապէս զարմացուցած է նաեւ յայտնի հայ բարեգործը լաւապէս ճանչցող բոլոր մարդիկը: «Միակ պետութիւնն աշխարհում, որը հիմքեր ունէր դժգոհ լինելու Լեւոն Հայրապետեանի գործունէութիւնից, հանդիսանում է Ադրբեջանի հանրապետութիւնը, որի ղեկավարութիւնը մշտապէս մեծ խանդով է վերաբերում հայկական պետութիւնների յաջողութիւններին», յայտարարած է ազատամարտիկը:

Ըստ անոր՝ Ատրպէյճան իր նաւթերէն եկած գումարները կ՛օգտագործէ սեփական խնդիրները սովորական կաշառքի միջոցով լուծելու համար, ինչ որ միջազգային եզրաբանութեան մէջ ստացած է «խաւարային դիւանագիտութիւն» անուանումը:

«Ցաւօք, Ռուսաստանի որոշ կառոյցներում, այդ թւում նաեւ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութիւնում, դեռեւս աշխատում են անազնիւ մարդիկ, ովքեր պատրաստ են «երեսուն արծաթ»ի դիմաց հանդէս գալ իրենց երկրի շահերի դէմ: Իսկ այն, որ ՆԱՏՕի եւ Ռուսաստանի միջեւ ուժեղ հայկական պետութիւնների առկայութիւնը բխում է Ռուսաստանի դաշնութեան շահերից, համոզուած եմ՝ ոչ մէկի մօտ կասկած չի յարուցում», նշուած է Տէր Թադեւոսեանի յայտարարութեան մէջ:

 


comments