Թուրքիոյ մօտ Ամերիկայի դեսպանութեան թեկնածուն «1915ի ողբերգական իրադարձութեանց» արդար ճանաչումը կ՛ուզէ

By Asbarez | Wednesday, 16 July 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեքշաբթի, Յուլիս 15ին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին առջեւ իր վկայութեան ընթացքին, Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնի թեկնածու Ճան Պես յայտնած է, որ Թուրքիոյ հարաւային սահմաններուն անկայունութիւնը աւելի հրատապ դարձուցած է Իսրայէլի, Հայաստանի եւ Կիպրոսի հետ յարաբերութիւններուն բարելաւումը:

«Կը շարունակենք կոչ ընել Թուրքիոյ եւ Հայաստանին, որ քայլեր առնեն յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ», յայտարարած է Պես, յիշեցնելով «վարչապետ Էրտողանին ցաւակցութիւն յայտնելու քայլը՝ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին զոհուած հայերու սերունդներուն»:

«Սակայն կարելի է աւելին ընել, եւ մենք կոչ կ՛ընենք երկու կողմերուն շարունակելու ջանքերը՝ 1915ի ողբերգական իրադարձութիւններուն հետ կապուած փաստերու ամբողջական եւ արդար ճանաչման հասնելու համար», յայտարարած է դիւանագէտը:

 


comments