Պաշտօնական Ստեփանակերտ անտարբեր չէ Լեւոն Հայրապետեանի պատահածին նկատմամբ

By Asbarez | Thursday, 17 July 2014

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փանորամա».– «Պաշտօնական Ստեփանակերտի համար զարմանալի էր արմատներով Լեռնային Ղարաբաղի Վանք գիւղից մեծահարուստ գործարար Լեւոն Հայրապետեանի ձերբակալութիւնը, այնուհետեւ կալանաւորումը»: «Փանորամա»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեանը:

«Իրօք, մեզ համար, ողջ մեր ժողովրդի համար շատ տարօրինակ ու զարմանալի պրոցես էր այն, ինչ կատարուեց Լեւոն Հայրապետեանի հետ», աւելցուց Դաւիթ Բաբայեան:

Բայց եւ այնպէս Արցախի մէջ տակաւին այս առնչութեամբ յստակ կեցուածք ճշդելէ կը խուսափին։ «Մենք պէտք չէ կորցնենք մեր ողջամտութիւնը եւ տեսնենք՝ ինչ է տեղի ունենում: Յոյս ունեմ, որ ամէն ինչ նորմալ պէտք է ընթանայ, ու ներկայ դրութեամբ փորձել ինչ որ գնահատականներ տալ, մեկնաբանել, հասկանալ պատճառները, ճիշդ չէ ու վաղաժամ է», բացատրեց Դաւիթ Բաբայեան:

Ան դիտել տուաւ, որ ժամանակը ցոյց կու տայ՝ քաղաքական ենթահող կա՞յ այս բոլորին ետին, թէ ոչ։ «Կարծում եմ, որ նաեւ բարոյական տեսանկիւնից ճիշդ չէ շահարկել այդ հարցը. Լեւոն Հայրապետեանի վիճակն այնպիսինը չէ, որ սկսենք շահարկել, փորձենք ինչ-որ բաներ գտնել: Ժամանակը ցոյց կը տայ, թէ ինչ է լինելու յետոյ եւ այն ժամանակ պարզ կը լինի՝ քաղաքական ենթատեսքտ կա՞ր այդ ամէնի մէջ, թէ՞ ո»չ, աւելցուց ան:

Բայց եւ այնպէս, կեցուածք ճշդելու գծով չաճապարելը չի նշանակեր, որ Ստեփանակերտ անտարբեր է Լեւոն Հայրապետեանի ճակատագիրին նկատմամբ, այլ հակառակը՝ շատ հետաքրքրուած է:

«Մենք շատ ենք հետաքրքրուած Հայրապետեանի ճակատագրով ու դրա համար մենք չենք ցանկանում այնպիսի մի յայտարարութիւն անել, որը կարող է վնաս պատճառել գործընթացին», աւելցուց Բաբայեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը կապուա՞ծ է Հայրապետեանի փաստաբանին, փորձա՞ծ է հասկնալ իրավիճակը՝ Դաւիթ Բաբայեան ըսաւ. «Մենք ամէն ինչ անելու ենք, որպէսզի իրավիճակը պարզենք, իմանանք ողջ պրոցեսը, այնուհետեւ պարզ կը լինի, թէ ինչով կարող ենք օգտակար լինել»:

Լեւոն Հայրապետեանին պատահածը, ըստ Բաբայեանի, Ատրպէյճանի համար տօն է, քանի որ այդ պետութեան համար տօն է ոեւէ հայու հետ կատարուած վատ դէպք կամ դժբախտութիւն:

«Ինչ վերաբերում է ադրբեջանական կողմից Հայրապետեանի հետ կատարուածը պատուէր համարելուն, ապա դա ցոյց կը տայ ժամանակը», եզրափակեց բանբերը:

 


comments