By Asbarez | Thursday, 17 July 2014

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Յուլիս 16ին, Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի նախագահութեան երրորդ նստաշրջանի երդման արարողութիւնը: Սուրիոյ նախագահական պալատին մէջ կազմակերպուած արարողութեան ներկայ էին մեծ թիւով երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւորականներ: «3 տարի եւ 4 ամիս ետք, ժողովուրդը ուզեց եւ գործադրեց», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան մասնակցութեան բարձր համեմատութիւնը հանրաքուէ մըն էր ընդդէմ ահաբեկչութեան, եւ անոր շնորհիւ տապալած են մեծ պետութեանց ծրագիրները:
Ասատ նաեւ ըսաւ, որ յառաջիկայ հանգրուանին ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնէ նահատակներու ընտանիքներուն վրայ: «Այն, ինչ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, ուղղակի կերպով կապ ունի Պաղեստինի իրադարձութեանց հետ», յայտնեց Ասատ, աւելցնելով. «Սուրիացի ժողովուրդին տոկունութիւնը «Արաբական գարնան» մահը հռչակեց»:
Ասատ ըսաւ. «Պիտի չհանգչինք, մինչեւ որ Հալէպը ապահով ու հանգիստ դառնայ։ Պիտի չմոռնանք մեր սիրելի Ռաքքան, զոր պիտի փրկենք ահաբեկչութենէն: Պիտի չմոռնանք լիբանանեան հաւատարիմ Դիմադրութեան հերոսները, որոնք բանակի կողքին պատուաբեր ճակատամարտեր մղեցին», ու շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի՝ «սուրիացի ժողովուրդին որոշումը յարգելնուն համար»:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ