Իսրայէլեան ուժերու Կազա ներխուժումը զոհերուն թիւը 276ի բարձրացուց

By Asbarez | Friday, 18 July 2014

 

ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Յուլիս 17ի երեկոյեան, Իսրայէլ ցամաքային նոր յարձակումի ձեռնարկեց Կազայի վրայ՝ քայլ մը, որ կը սպառնայ բազմապատկել մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ սկսած զինուորական գործողութեանց մարդկային զոհերու թիւը։


Արդարեւ, Ուրբաթ օր առնուազն 20 պաղեստինցիներ եւ իսրայէլացի զինուոր մը սպաննուեցան՝ ընդհանուր զոհերու թիւը հասցնելով 276ի։ Պաղեստինցի զոհերուն մօտաւորապէս 20 տոկոսը երեխայ էր։

Իսրայէլեան բանակը Կազայի հիւսիսային եւ արեւելեան սահամններէն Կազա մուտք գործեց հրասայլերով եւ զրահապատ կառքերով՝ յառաջանալով դէպի Պէյթ Լահիա, իսրայէլեան ռազմական օդանաւերու հսկողութեան տակ։ Ելեկտրականութիւնը խզուած է եւ հեռաձայնի կապերը անջատուած են։

Պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութիւնը յայտարարեց, թէ ամէնուրեք ծանր դիմադրութիւն ցոյց պիտի տայ Իսրայէլի յարձակումներուն։

Նշենք, որ ցամաքային ներխուժումէն առաջ կատարուած իսրայէլեան ռմբակոծումներուն հետեւանքով, Կազայի մէջ քանդուած են հարիւրաւոր բնակարաններ, մզկիթներ եւ դպրոցներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան 14,000 շէնքեր վնաս կրած են։

 

comments

Advertisement