ՄԱԿը Մալեզիական օդանաւին հարցով անկախ հետաքննութիւն կը պահանջէ

By Asbarez | Friday, 18 July 2014

 

ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Արտակարգ նիստէ մը ետք, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Ուրբաթ, Յուլիս 18ին կոչ ըրաւ «ամբողջական եւ անկախ միջազգային հետաքննութիւն» մը կատարելու մէկ օր առաջ Ուքրանիոյ մէջ ջախջախուած Մալեզիական օդանաւային ընկերութեան պատկանող ճամբորդական օդանաւին հարցով, մինչ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները եւ արեւելեան Ուքրանիան իրենց հակակշիռին տակ պահող ռուսամէտ ուժերը կը շարունակէին զիրար ամբաստանել։


ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին, ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սըմենթա Փաուըր յայտնեց, թէ փաստերը ցոյց կու տան, որ օդանաւը զգետնուած է արեւելեան Ուքրանիայէն արձակուած հրթիռով մը։

298 ճամբորդներ եւ անձնակազմը փոխադրող օդանաւին գծով, Ռուսիոյ օդային փոխադրամիջոցներու դաշնակցային գործակալութենէն աղբիւր մը «Ինթըրֆաքս»ին յայտնեց, թէ օդանաւը վար առած հակաօդային հրթիռին բուն թիրախը կրնայ ըլլալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Պրազիլէն Մոսկուա փոխադրող օդանաւն էր, որովհետեւ երկու օդանաւերը Վարշաւայի մօտ նոյն կէտէն անցած են, իրարու շատ նման են, նոյն գոյնը ունին եւ հեռուէն դժուար է զանոնք զանազանել, իսկ անոնց միջեւ հեռաւորութիւնը շատ փոքր եղած է:

 


comments

Advertisement