By Asbarez | Monday, 21 July 2014
Իսրայէլեան բանակի հարուածէն փլուզուած է պաղեստինցի ընտանիքի մը բնակարանը, սպաննելով նոյն ընտանիքի 25 անդամները
Երկու շաբաթ առաջ Իսրայէլի բանակի Պաղեստինի Կազա շրջանին վրայ խաղաղ բնակչութեան դէմ ձեռնարկած ռազմական գործողութեան հետեւանքով աւելի քան 500 պաղեստինցիներ զոհուած են: Նոյն գործողութիւններուն ընթացքին Իսրայէլի բանակէն քսան զինուորներ մահացած են, որոնմցէ երկուքը Ամերիկայի քաղաքացի երկու հրեայ երիտասարդներ, որոնք Իսրայէլեան բանակին միանալու համար մեկնած էին այդ երկիրը:
ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդը Պաղեստինի զինեալներու եւ Իսրայէլի միջեւ անյապաղ հրադադար հաստատելու կոչ ուղղած է:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախագահ Ճան Քերի Եգիպտոս մեկնեցաւ ճգնաժամի կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւններ սկսելու նպատակով: Այս բանակցութիւնները կը վայելեն Չինաստանի, Քուպայի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի հովանաւորութիւնը:
ՄԱԿի վերջին տուեալներով Կազայի 84,000 բնակիչներ տեղահան եղած են իրենց տուներէն: Այս թիւը օրէօր կ՛աճի:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ