Մալեզիական օդանաւի ինկած շրջանը ապառազմական գօտի կը յայտարարուի

By Asbarez | Monday, 21 July 2014

ՔԻԵՒ.- Ուքրանիոյ նախագահ Պետրօ Պորոշենկօն յանձնարարած է դադարեցնել մարտական գործողութիւնները «Մալեզիա Էրլայնզ»ին պատկանող Պոյինիկ 777 ինքնաթիռի կործանման վայրէն 40 քիլոմեթր շառաւղով տարածքէն ներս:

Ուքրանիոյ նախագահը նաեւ կարգադրած է ողբերգութեան պատճառներու հետաքննութեան գործին ներգրաւել ռուս փորձագէտներ:

Ուաշինկթընի մէջ, նախագահ Օպամա, երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ «անջատողականներուն» սատարող, զանոնք զինող ու մարզող Ռուսիոյ իշխանութիւնները պէտք է յաւելեալ ճնշում բանեցնեն այդ ուժերուն վրայ, երեւան հանելու համար ինքնաթիռը հարուածողները եւ պատասխանատուութեան կանչելու զանոնք:

Եթէ Ռուսիա իր այս պատասխանատուութեան տէր չկանգնի, սպառնաց Օպամա, ան կը դիմագրաւէ աւելի խիստ կերպով մեկուսացուելու վտանգը:


comments

Advertisement