By Asbarez | Monday, 21 July 2014
ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Էրմենիհապեր», «Մարմարա».- Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանը, քննելէ ետք Հրանդ Տինքի ընտանիքին ներկայացուցած դիմումը՝ վճռած է, որ Տինքի սպանութեան հարցով դատավարութեան ընթացքին արձանագրուած են իրաւանց խախտումներ:
Դատավճիռը բաւարարած է Տինքի ընտանիքին ներկայացուցած «ոչ արդիւնաւէտ քննութիւն կատարելու» մասին հայցը, իսկ որոշումը ընդունուած է միաձայնութեամբ: Տինքի ընտանիքը նաեւ բողոքած էր, որ շարք մը պաշտօնատարներու դէմ հետաքննութիւն չի կատարուիր:
Միւս կողմէ, Տինքի սպանութեան դատավարութեան Յուլիս 17ի նիստը դարձեալ որեւէ յառաջդիմութիւն չարձանագրեց, որովհետեւ դատարանը կը պնդէ ամբաստանեալներէն Ահմետ Իսքենտերի վկայութիւնները ունկնդրելու գծով, սակայն ամբաստանեալը «անհետացած է» եւ ոստիկանութիւնը տակաւին չէ կրցած ձերբակալել ու դատարան բերել զայն։
Տինքի փաստաբանները առարկեցին ու պահանջեցին, որ Իսքենտերի թղթածրարը անջատուի, բայց դատական կազմը պնդեց անոր լսելու անհրաժեշտութիւնը ու յաջորդ նիստին համար որոշեց Հոկտեմբեր 30 թուականը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ