By Asbarez | Tuesday, 22 July 2014
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի մէկ հրամանագիրով, երկրի զինեալ ուժերու համակարգէն հեռացուեցաւ սահմանային զօրքերու ռազմական ակադեմիոյ դասախօս, գնդապետ Սէյրան Կաֆարով, որուն արգիլուեցաւ ծառայել Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն մէջ։ Պաշտօնազրկման պատճառը այն է, որ Կաֆարով պաշտօնապէս խոստովանած է, թէ իր մայրը հայուհի մըն է։
«Ազփոլիթիքա.ինֆօ» կայքը կը յայտնէ, թէ պաշտօնազուրկ եղած է նաեւ զօրավար Պաղըր Ֆեթթուլաեւ, որ երկար տարիներ ծառայած է Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ակադեմիոյ մէջ եւ որ ծառայութեան ընթացքին չէ հրաժարած Ռուսիոյ իր քաղաքացիութենէն։ Կը նշուի, որ Ֆեթթուլաեւ արդէն իսկ հեռացած է Ատրպէյճանէն ու մեկնած Ս. Փեթերսպուրկ, ուր կը գտնուի իր ընտանիքը։
Երկար ատենէ ի վեր ատրպէյճանական մամուլը կը քննարկէր այս երկու գնդապետներուն հարցը եւ քննադատութիւններ կ՛ուղղէր պաշտպանութեան նախարարութեան հասցէին՝ հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է պաշտպանութեան նախարարութեան համակարգէն ներս ծառայութեան արտօնութիւն տալ «թշնամիներ»ու, որոնք կրնան լրտեսութեամբ զբաղիլ։
Հետաքրքրական է այն, որ երկու զօրավարներուն մասին ամիսներ առաջ սկսած խօսակցութիւններէն անմիջապէս ետք, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը աճապարած էր յայտարարելու, թէ նման անուններով անձեր չեն ծառայեր ատրպէյճանական բանակին մէջ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ