Նեթանիահու «Ամօթալի» Կ՛որակէ Ողջակիզման Մասին Էրտողանի Յայտարարութիւնը

By Asbarez | Wednesday, 28 September 2011

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան «Ճերուզալէմ Փոս»չ օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, «ամօթալի» որակեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, թէ Իսրայէլ «Ողջակիզումը շահագործելով՝ հարիւր հազարաւոր պաղեստինցիներ կը սպաննէ»։ Նեթանիահու յայտնեց, որ այդ յայտարարութիւնը «սուտ եւ Իսրայէլը վարկաբեկող ամբաստանութիւն է»։

Միւս կողմէ՝ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Էրտողանի գլխաւորած ղեկավարութիւնը նկատեց «ծայրայեղական ղեկավարութիւն մը, որ կը զօրակցի ահաբեկչութեան եւ զայն կը սնուցանէ», վստահեցնելով, որ Իսրայէլ թիկունք կը կանգնի թրքական «Կապոյտ Մարմարա»ին դէմ գործողութեան մասնակցած իսրայէլացի զինուորներուն:

comments