Ազնաւուր կոչ կ՛ուղղէ փոխելու Հայրապետեանի խափանման միջոցը

By Asbarez | Wednesday, 23 July 2014

 

 


Շարլ Ազնաւուր մտահոգութիւն յայտնած է գործարար ու բարերար Լեւոն Հայրապետեանի կալանաւորման առիթով եւ կոչ ուղղած է Ռուսիոյ իշխանութիւններուն՝ փոխելու Հայրապետեանի նկատմամբ ճշդուած խափանման միջոցը՝ նկատի ունենալով անոր առողջական վիճակը: Ազնաւուր, որ բազմիցս հանդիպած է Լեւոն Հայրապետեանին, միշտ բարձր գնահատած է անոր գործունէութիւնը, որուն նպատակը Արցախի եւ Հայաստանի զարգացման նպաստելն է։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Artsakh Today մամուլի կեդրոնը:

 


comments