Քրիստոնեաներէն ետք Տահեշ կը սպառնայ նաեւ Մուսուլի Քիւրտերուն

By Asbarez | Thursday, 24 July 2014

 

 


ՄՈՒՍՈՒԼ.- Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւնը (ՏԱԵՇ) սպառնաց սպաննել քիւրտերը, եթէ Մուսուլէն չհեռանան: ՏԱԵՇ սպառնաց սպաննել հարիւր քիւրտ ընտանիքներ, եթէ անոնց անդամները չհեռանան Մուսուլէն, սակայն անոնց ժամկէտ մը չճշդեց: Նախապէս 700 քրիստոնեայ ընտանիքներ հեռացած էին քաղաքէն:
ՏԱԵՇ նաեւ ամբողջական պաշարման տակ առաւ Ֆալուժայի հարաւը գտնուող Ամիրիա շր-ջանը, որովհետեւ անոր ցեղապետները մերժած են իրեն հաւատարմութեան երդում տալ:

Միւս կողմէ, Իրաքի լուծարեալ Պաաս կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ կը խզէ յարաբերութիւնները ՏԱԵՇի հետ, զոր ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը նկատեց:

 


comments

Advertisement