Վանի Արտամէթ քաղաքին մէջ Հայատառ ցուցանակներ զետեղուած են

By Asbarez | Friday, 25 July 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Վան նահանգի Արտամէթ (թրքերէն՝ Էտրեմիթ) քաղաքի փողոցներուն մէջ տեղադրուած ցուցանակներուն վրայ հայերէն գրութիւններ աւելցուած են: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը:

Արտամէթի քաղաքապետ, քր-տամէտ, Ժողովրդավարական տա-րածաշրջաններու կուսակցութեան (DBP) անդամ Սեւիլ Ռոյպին Չեթինը այս մասին խօսելով՝ պարզաբանած է, որ իրենց նպատակը հասարակութեան մէջ հայերուն հանդէպ եղած թշնամական պատկերացումներուն վերջ դնելն է եւ հայերուն հանդէպ համակրանք ձեւաւորելը:

«Քիւրտ ժողովուրդը Անատոլուի մէջ դարերով իրեն հետ ապրած հայ ժողովուրդին հետ պատմական, մշակութային, հասարակական ընդհանրութիւններ ունի: Մինչեւ 1915 թուական Վանն ու Ատրամէթը մեծաթիւ հայերով բնակուած վայրեր եղած են: Այդ պատճառով մենք թոյլ պիտի չտանք, որ պետութեան կողմէ եւ անոր փափաքով ջնջուի հայոց պատմութիւնը եւ անհետանայ հայկական մշակոյթը: Մենք այդ քայլը կատարած ենք որպէս հայերուն հանդէպ յարգանքի դրսեւորում», յայտնած է քիւրտ քաղաքապետը:

 


comments

Advertisement