By Asbarez | Monday, 28 July 2014

ԹԵՀՐԱՆ.- ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի մտադիր է այցելելու Հայաստան՝ քննարկելու համար փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:
Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ռայիսի կ՛ըսէ. «Մենք կը դիտարկենք այս հարցը, սակայն նախագահի զբաղուած ժամանակացոյցին պատճառով տակաւին չենք կրնար յստակ նշել այցելութեան թուականը: Յամենայն դէպս, այցելութիւնը պիտի կայանայ»:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Իրան արդէն վաղուց տարբեր դիւանագիտական քայլերու կը նախաձեռնէ՝ դրացի պետութիւններու հետ իր յարաբերութիւնները ընդլայնելու համար: Վերջին տարիներուն Իրանն ու Հայաստանը ընդլայնած են համագործակցութեան շրջանակը, համաձայնագիրներ ստորագրած են ուժանիւթի, ճարտարագիտութեան եւ հետազօտութիւններու մարզերուն մէջ: Երկու երկիրները նաեւ կապերու ամրապնդման մասին համագործակցութեան համաձայնագիրներ ստորագրած են տնտեսութեան եւ առեւտուրի մարզերուն մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ