By Asbarez | Monday, 28 July 2014
ԿԱԶԱ.- Իսրայէլա-պաղեստինեան զինադադարը Երկուշաբթի, 28 Յուլիսին խախտուեցաւ մահասփիւռ հրթիռարձակումներով, որոնք զոհեր պատճառեցին Կազայի եւ իսրայէլեան հարաւային Էշքոլ շրջանին մէջ:
Իսրայէլի բանակի թիրախը այս անգամ եղաւ Կազայի գլխաւոր հիւանդանոցի համալիրը եւ անոր յարող հանրային պարտէզը՝ պատճառ դառնալով տասը պաղեստինցիներու մահուան. անոնցմէ ութն երեխայ էր:
Իսրայէլեան բանակի տուեալներուն համաձայն՝ Կազայի սահմանին վրայ, պաղեստինեան ուժերու գնդակոծութեան զոհ գացած են չորս իսրայէլացիներ:
Իսրայէլ-Պաղեստին այս վերջին հակամարտութեան զոհերու թիւը՝ պաղեստինեան կողմէն՝ անցած է հազարը, իսկ Իսրայէլի կողմէ՝ յիսունը:
ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն անգամ մը եւս զինադադարի կոչ ուղղած է երկու կողմերուն՝ յայտարարելով, որ Կազայի բնակչութեան վիճակը «օրհասական է»: «Յանուն մարդկայնութեան, այս վայրագութիւնները պէտք է կանգ առնեն», յայտարարած է ան:
Միջնորդական աշխատանքերու ծիրէն ներս, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ ղեկավարները Երկուշաբթի յայտարարեցին, թէ պիտի կրկնապատկեն խաղաղութիւն հաստատելու իրենց միացեալ ճիգերը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ