By Asbarez | Tuesday, 29 July 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 29 Յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրն յայտնած է, թէ հաւանական է, որ մօտիկ ապագային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները հանդիպում ունենան։ Ան նաեւ փոխանցած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերրին վերստին յանձնարարած է ամերիկեան դիւանագիտութեան ներկայացուցիչներուն՝ խաղաղ կարգաւորում գտնել ղարաբաղեան հակամարտութեան։
Բայց եւ այնպէս Միացեալ Նահանգներու դեսպանը չմանրամասնեց՝ արդեօք այդ նոր յանձնարարութիւնը կը նշանակէ՞, որ հանդէս պիտի գան նո՛ր նախաձեռնութեամբ, կարգաւորման նո՛ր նախագիծով:
Այս առումով ուշագրաւ էր Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանի քանի մը օր առաջ կատարած այն յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, Մատրիտեան սկզբունքները անընդունելի են Ստեփանակերտի համար:
«Ինչպէս գիտէք, Միացեալ Նահանգները ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին մէջ համանախագահող երկիրներէն է եւ (ղարաբաղեան) հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ հանդէս կու գայ որպէս միջնորդ: Համանախագահները կանոնաւոր հանդիպումներ կ՛ունենան կողմերուն հետ՝ յառաջիկայ քայլերը քննարկելու համար: Յոյս ունինք, որ ոչ հեռու ապագային նախագահներուն միջեւ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ: Սակայն համանախագահներուն ուղերձը շատ յստակ է ու հետեւողական՝ այս հակամարտութեան լուծման համար կայ միայն մէկ ուղի՝ բանակցուած, խաղաղ լուծում: Անոնք խստօրէն կը քննադատեն ռազմական հռետորաբանութիւնը, կը դատապարտեն զինադադարի խախտումները եւ իրենց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք կը տուժեն սահմանային միջադէպերուն իբրեւ հետեւանք: Նախարար Քերրին վերստին յանձնարարած է մեզի՝ խաղաղ կարգաւորում գտնել այս հակամարտութեան», ըսած է դեսպանը:
Խօսելով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ նախատեսուող հանդիպման մասին՝ դեսպան Ճան Հեֆըրն աւելցուցած է. «Մենք պիտի շարունակենք կողմերը յորդորել, որ կարելի եղածին չափ յաճախակի հանդիպումներ ունենան, հարցերը միասնաբար քննարկեն: Մենք յոյս ունինք, որ ոչ հեռու ապագային նախագահները պիտի տեսակցին: Չեմ կանխատեսեր, որ այդ հանդիպման ընթացքին «ճեղք» պիտի արձանագրուի, սակայն հանդիպումները կարեւոր են, երկխօսութիւնը էական է՝ այս հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորում գտնելու համար»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ ներկայիս Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխդեսպան Ռիչըրտ Միլզի Հայաստանի մէջ դեսպան նշանակման եւ անոր առաքելութեան մասին խօսելով՝ դեսպան Հեֆըրն յայտնած է. «Վստահ եմ, որ զիս փոխարինող դեսպանին համար պիտի շարունակէ գերակայութիւն մնալ Հայաստանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու խորացումը եւ հայաստանցիներուն համար աշխատատեղերու, տնտեսական կարելիութիւններու ստեղծումը»։
Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, որ արդեօք Հայաստանի նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը լաւագոյն ա՞նձն էր՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանը ներկայացնելու, մանաւանդ եթէ նկատի առնուի անոր ստուերային գործերու վերաբերող խայտառակութիւնը, Ճան Հեֆըրն ըսած է. «Ամէն մէկ երկիր ի՛նք կ՛ընտրէ իր դեսպանները, որոնք պէտք է իրենց պետութիւնը ներկայացնեն օտար երկիրներու մէջ: Տարիներ շարունակ աշխատած ենք Տիգրան Սարգսեանի հետ, երբ ան վարչապետ էր, եւ վստահ եմ՝ պիտի շարունակենք անոր հետ աշխատիլ՝ իբրեւ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան»:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ