By Asbarez | Tuesday, 29 July 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մոսկուայի Պասմանի շրջանի դատարանի որոշումով կազմուած է անկախ բժիշկներու կոմիտէ, որ յառաջիկայ երկու օրերուն պիտի քննէ հայ գործարար եւ բարերար Լեւոն Հայրապետեանը եւ յստակ ախտաճանաչումը պիտի կատարէ անոր առողջական վիճակին:
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին գործարարին ընկերը՝ Մացակ Փոլադեան ըսած է, որ միայն յանձնաժողովի եզրակացութենէն ետք պիտի յստականայ, թէ՝ Հայրապետեանը պիտի փոխադրե՞ն քաղաքացիական հիւանդանոց, թէ ոչ: «Հայրապետեանի առողջական վիճակն այնքան էլ լաւ չէ, եւ մենք վստահ ենք, որ բժիշկներն էլ իրենց եզրակացութեան մէջ պէտք է շեշտեն այդ փաստն ու պահանջեն, որպէսզի նրան տեղափոխեն հիւանդանոց», նշած է Փոլադեան՝ աւելցնելով, որ առաւօտեան գործարարին ինքնազգացողութիւնը վատթարացած է: «Նա բանտի պայմանների համար չէ եւ այս ամէնից շատ է ճնշւում: Նա հոգեպէս վատ վիճակում է գտնւում եւ այդ ընկճուածութիւնը բացասական ազդեցութիւն է թողնում նրա առողջական վիճակի վրայ», բացատրած է Փոլադեան:
Մինչ այդ Ռուսիոյ մէջ գործող շարք մը հայկական կազմակերպութիւններ իրենց աջակցութիւնը յայտնած են գործարարին, իսկ Վանք գիւղի բնակիչները ստորագրահաւաք կազմակերպած են՝ ի պաշտպանութիւն Լեւոն Հայրապետեանի:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ