Քիւրտիստանի քարիւղը կը բռնագրաւուի Ամերիկեան ոստիկանութեան կողմէ

By Asbarez | Tuesday, 29 July 2014

 

ՀԻՒՍԹԸՆ.- Իրաքեան Քիւրտիստանէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հասած շուրջ հարիւր միլիոն տոլար արժող քարիւղը բռնագրաւուած է ամերիկեան ոստիկանութեան կողմէ:

Բռնագրաւման վճիռը կայացուցած է ԱՄՆ դատաւոր մը՝ ընդառաջելով Իրաքի կառավարութեան դիմումին:

Նշենք, որ Իրաքի հանրապետութեան մաս կազմող Քիւրտիստանի ինքնավար շրջանի կառավարութիւնը վերջերս իր անկախութիւնը ամրապնդել կը փորձէ եւ իր տարածքէն ապահովուած քարիւղին համար ինքնուրոյն շուկաներ կը փնտռէ: Իրաքի կառավարութիւնը, իր կարգին, կ՛աշխատի իր հակակշիռին տակ պահել քարիւղի արտածումները:


comments

Advertisement