ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան վստահ է, որ պիտի յաղթէ Օգոստոս 10ին, Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեանց առաջին հանգրուանին: Ինչպէս նշած էր «Հիւրրիէթ» լրատուական գործակալութիւնը, Էրտողան յայտարարած է, թէ ինք պիտի չըլլայ «աւանդական նախագահ», եւ իր նախագահութեան շրջանը պիտի ներառէ իշխանութեան աննախադէպ ծրագիրներու իրականացում:
«Նախագահի պաշտօնը շատ տարբեր է մեր պետութեան մէջ: Իմ նախագահ ընտրուելու պարագային, պիտի կատարուի որոշ ծրագիրներու իրականացում: Երբ կը խօսիմ այդ ծրագիրներու իրականացման մասին, ինչպէս արդէն յայտարարած էի նախապէս, ես նկատի ունիմ այն, որ ես կ՛օգտագործեմ իշխանութիւնը՝ տրուած Սահմանադրութեամբ. ես չեմ ըլլար աւանդական նախագահ, որ կը հետեւի նախադէպերու», ըսած է Էրտողան, թրքական 7րդ կայանին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին:
Համաձայն Թուրքիոյ օրէնքին՝ նախագահը Գործադիր մարմինի ղեկավարն է եւ իրաւունք ունի նախագահելու կառավարութեան նիստերուն, իրաւունք ունի նաեւ լուծելու խորհրդարանը՝ արտահերթ ընտրութիւններ պահանջելով: Այս լիազօրութիւնները ամրագրուած են 1982ին ընդունուած Սահմանադրութեամբ, սակայն տակաւին չեն օգտագործուած երկիրի ոեւէ նախագահի կողմէ:
Քննադատելով որոշ վերլուծաբաններ, որոնք նշած էին, թէ Էրտողան չի տարբերիր նախորդ նախագահէն, վարչապետ Էրտողան յայտարարած է. «Ո՞վ ձեզի այդպիսի բան ըսած է. ես աշխատած եմ նախորդ վարչապետի՞ն նման: Թուրքիան երբե՛ք չէր հասներ այդ կէտին, ուր մենք կը գտնուինք այսօր, եթէ ես աշխատէի նախորդ վարչապետին նման»։
Նշենք, որ ըստ հասարակական հարցախոյզներու արդիւնքներուն՝ վարչապետ Էրտողան այս ընտրութիւններուն պիտի ստանայ ձայներու 54-58 տոկոսը: