Իսրայէլ պէտք է երկարատեւ ռազմական արշաւի պատրաստուի. Նեթանիահու

By Asbarez | Tuesday, 29 July 2014

 

ԹԵԼ ԱՒԻՒ.- Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, թէ իր երկիրը Կազայի հատուածին մէջ երկարատեւ արշաւի պէտք է պատրաստուի: Նեթանիահուի խօսքով՝ Իսրայէլ կանգ պիտի չառնէ, քանի դեռ չէ հասած Կազայի փապուղիները ոչնչացելու իր նպատակին:


Վերջին տուեալներուն համաձայն՝ Յուլիս 28ին զոհուած է Իսրայէլի բանակէն 5 զինուոր: Մէկ զինուոր սպաննուած է պաղեստինեան հարաւային հատուածին մէջ, մարտի ընթացքին, իսկ չորս ուրիշներ՝ Կազայէն արեւելք գտնուող շրջանին մէջ, ռմբակոծութեան հետեւանքով:

Նաեւ, Յուլիս 29ի գիշերը, իսրայէլեան օդային ուժերը հրթիռային հարուած հասցուցած են Կազայի մէջ «Համաս» շարժումի ղեկավար Իսմայիլ Խանիի տան վրայ:
Պաղեստինեան կառավարութենէն նախկին ղեկավարի մը խօսքով՝ յարձակումին ընթացքին տունը դատարկ էր, ուստի ոչ ոք վնասուած է, սակայն շէնքը ամբողջովին աւերակ դարձած է:

Իսրայէլի օդային ուժերը հրթիռներ տեղացուցած են նաեւ Կազայի քանի մը այլ թիրախներու վրայ, ինչի հետեւանքով՝ առնուազն 40 մարդ զոհուած է:

 


comments

Advertisement