Եւրոպական Միութիւնը յաւելեալ պատժամիջոցներու կը ձեռնարկէ Ռուսիոյ տնտեսութեան դէմ

By Asbarez | Tuesday, 29 July 2014

 

 


ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպական Միութիւնը Երեքշաբթի օր յաւելեալ պատիժներ տնօրինեց՝ հարուածելու Ռուսիոյ տնտեսութիւնը:

Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ գործողութիւններուն, յատկապէս՝ Ուքրանիոյ անջատողականներուն զէնք ու զինամթերք մատակարելուն իբրեւ հակազդեցութիւն, Եւրոպական Միութիւնը նոր պատժամիջոցներ ճշդեց, հարուածելու համար այդ երկրի տնտեսութիւնը, յատկապէս թիրախ ունենալով քարիւղի, ռազմական սարքերու եւ արհեստագիտութեան ոլորտները:

Ռուսական դրամատուներուն տրուած վարկերուն վրայ եւս խիստ սահմանափակումներ դրուեցան:

Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ տնօրինելու ընթացքի մէջ է նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները: Նախագահ Պարաք Օպամա Երեքշաբթի երեկոյեան պիտի հրապարակէր նոր պատժամիջոցները, որոնց շարքին, մեծ հաւանականութեամբ, պիտի ըլլան ռուսական երեք մեծ դրամատուներու՝ «Վէ.Թէ.Պէ.»ի, «Ռոսկոլխոզպանք» գիւղատնտեսական դրամատան եւ «Մոսկուա» դրամատան դէմ պատժամիջոցներ՝ խստացնելով անոնց տրուած վարկերու պայմանները:
Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Երեքշաբթի օր Ռուսիոյ եւ անջատողական ուժերուն կոչ ուղղեց թոյլ տալու, որ միջազգային մասնագէտներու մատչելի դարձնել այն տարածքը, ուր ինկած էր մալեզիական քաղաքացիական օդանաւը:

Միւս կողմէ, Ուքրանական ուժերը կը շարունակեն իրենց յարձակումը Տոնեցքի վրայ: Թէժ կռիւներու պատճառով ուքրանացի տասը զինուոր եւ 24 քաղաքացի սպաննուած էին:

 


comments