Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Սահմանային Դէպքերուն Առնչութեամբ Նամակ Յղած Է Ատրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդին

By Asbarez | Tuesday, 05 August 2014

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս նամակ մը յղած է Կովկասի իսլամներու հոգեւոր առաջնորդ, Ատրպէյճանի հոգեւոր պետ Ալլահշուքուր Փաշազատէին՝ կոչ ուղղելով ջանքեր գործադրելու, որպէսզի երկրի իշխանութիւններուն կողմէ չվտանգուի Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը։

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին նամակին մէջ գրուած է. «Սահմանամերձ բնակավայրերի անդադար գնդակոծութիւնը ադրբեջանական կողմից, դիւերսիոն գործողութիւնները, հրադադարի ռեժիմի խախտման տեւական փորձերը լուրջ վտանգ են ներկայացնում մեր տարածաշրջանի փխրուն, բայց թանկ ձեռքբերուած խաղաղութեան համար:

Մենք խորապէս անհանգստացած ենք լարուած իրավիճակով, որի հետեւանքով զոհւում են զինուորներ, խաթարւում է սահմանամերձ բնակչութեան խաղաղ կեանքը: Աստուածատուր մարդկային կեանքը սուրբ է, իսկ դրա իրաւունքը՝ սրբազան, եւ ոտնձգութիւնները մարդկային կեանքի հանդէպ անթոյլատրելի են:
Սադրանքները եւ մարտական գործողութիւնները չեն կարող այլընտրանք լինել ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորմանը խաղաղ, բանակցային ճանապարհով՝ համապատասխան միջազգային նորմերին:

Հաւատարիմ մնալով Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Կիրիլ Ա.ի միջնորդութեամբ անցկացուող տարածաշրջանի հոգեւոր առաջնորդների եռակողմ հանդիպումների խաղաղարար ոգուն՝ Մենք դիմում ենք ձեզ՝ որպէս Ադրբեջանի հոգեւոր առաջնորդի, ջանքեր գործադրելու, որպէսզի ձեր երկրի իշխանութիւնները, պահելով աւելի վաղ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, պահպանեն հրադադարի ռեժիմը եւ իրենց գործունէութեամբ չխափանեն ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը, խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը տարածաշրջանում»:

 


comments