By Asbarez | Tuesday, 05 August 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստան-Քենզըս Նահանգային գործընկերութեան ծրագիրի ծիրին մէջ 4 Օգոստոսին պաշտօնական այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներու Քենզըս նահանգը կը գտնուի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Այցելութեան ընթացքին պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալը հանդիպումներ ունեցած է Քանզասի նահանգապետ Սեմ Պրաունպեքի եւ Քենզըսի զինուորական պատասխանատուներէն զօր. Լի Թաֆանելիի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Քենզըս Նահանգային գործընկերութեան ծրագիրով Հայաստանի զինուած ուժերու ու Քենզըսի ազգային զօրագունդին միջեւ համագործակցութեան եւ ատոր իբրեւ արդիւնք եղած գործակցութեան առնչուող հարցեր։
Հանդիպման աւարտին՝ իբրեւ խորհրդանիշ Հայաստանի եւ Քենզըս նահանգին միջեւ աւելի քան մէկ տասնամեակ տարուան պատմութիւն ունեցող գործընկերութեան ծիրին մէջ արձանագրուած յաջողութիւններուն, Հայաստանի պաշտպանութեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւններու եւ Քենզըսի ազգային զօրագունդին միջեւ գոյութիւն ունեցող իւրայատուկ յարաբերութիւններուն, Քենզըսի նահանգապետին կողմէ ստորագրուած է համապատասխան յուշագիր։
Այցելութեան ընթացքին նախատեսուած է նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալի մասնակցութիւնը «Աչալուրջ պահապան» բժշկական զօրավարժութեան: Նշուած զօրավարժութեան ամերիկեան կողմին հետ կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու ռազմաբժշկական վարչութեան հինգ ներկայացուցիչներ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ