Իրան Եւ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն օժանդակել Կազայի մէջ հակամարտ կողմերուն

By Asbarez | Wednesday, 06 August 2014

ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով «Ալամ»ին՝ կը հաղորդէ, որ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի նախկին հրամանատար Մոհսեն Ռեզայի յայտնած է, թէ Իրան պատրաստ է անհրաժեշտ նոր ճարտարագիտութիւն փոխանցելու պաղեստինցիներուն՝ հրթիռներու արտադրութեան համար:


«Մենք պէտք է պաղեստինցիներուն պաշտպանական եւ զինուորական ճարտարագիտութիւն փոխանցենք, որպէսզի անոնք կարենան լաւապէս պաշտպանուիլ», յայտարարած է Ռեզայի:

Միւս կողմէ, «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն մտադիր չէ դադրեցնելու Իսրայէլի զէնքի մատակարարումը, հակառակ այն իրողութեան, որ կը քննադատէ Կազայի մէջ Իսրայէլի զինուորական գործողութիւններուն պատճառով խաղաղ բնակչութեան մէջ զոհերու արձանագրումը:

Ըստ անոր՝ «Իսրայէլ կրնայ աւելին ընել, որպէսզի խուսափի խաղաղ բնակչութեան շրջանակին մէջ զոհերու աճէն, սակայն ատիկա չի փոխեր այն իրողութիւնը, որ Իսրայէլ կը շարունակէ մնալ Միացեալ Նահանգներու կարեւոր ռազմավարական գործընկերը»:

Միացեալ Նահանգներ 2009-2018 տասնամեակին, Իսրայէլին 30 միլիառ տոլարի զինուորական օգնութիւն պիտի ցուցաբերէ: Այս տարուան օգնութեան գումարը արդէն հասած է 3.1 միլիառ տոլարի:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետի բանբեր Մարք Ռեկեւ յայտնեց, որ Իսրայէլ պիտի յարգէ եռօրեայ զինադադարը, սակայն պատրաստ պիտի ըլլայ որեւէ զարգացումի, իսկ «Համաս»ի վերազինումը արգիլելը իր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը կը նկատէ:

Եգիպտոսի մէջ բանակցութիւնները կը շարունակուին իսրայէլեան եւ պաղեստինեան պատուիրակութեանց միջեւ, աւելի երկարատեւ համաձայնութիւն մը գոյացնելու նպատակով։

comments