By Asbarez | Wednesday, 06 August 2014
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի քարիւղի «Սոքար» պետական ընկերութենէն «Պի.Պի.Սի.»ին յայտնած են, որ Ատրպէյճան 7 ամսուան մէջ, առաջին անգամ ըլլալով 40.5 առ հարիւրով կրճատած է Նովոռոսիյսքի նաւահանգիստին ճամբով անցնող քարիւղի փոխադրումը, որ տարեկան 593,035 թոնի կը հասնի:
2013ին, Ռուսիոյ տարածքով Ատրպէյճանի քարիւղի արտածումը նուազած է՝ հասնելով մինչեւ 1.75 միլիոն թոնի: 2012ին այդ թիւը 2.06 միլիոն թոն էր:
«Թրանսնեֆ»չ խողովակաշարերը ղեկավարող ռուսական կողմին հետ կնքուած համաձայնագիրով, «Սոքար» այս տարի Ռուսիոյ տարածքով 1-1.5 միլիոն թոն քարիւղ պիտի արտահանէ:
2014ի Փետրուարին անջատ նոր համաձայնագիր մը կնքուած է «Թրանսնեֆթ»ի հետ, ըստ որուն՝ քարիւղը համաշխարհային շուկայ կը հանուի Նովոռոսիյսքի տարածքով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ