By Asbarez | Wednesday, 06 August 2014
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ սահմանակից լիբանանեան Արսալ քաղաքին մէջ լիբանանեան բանակին եւ իսլամ ծայրայեղական զինեալներու միջեւ բախումները վերսկսան Չորեքշաբթի, Օգոստոս 6ին, կարճատեւ զինադադարէ մը ետք՝ պատճառելով յաւելեալ զոհեր եւ վիրաւորներ:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ ցարդ սպաննուած են 17 լիբանանցի զինուորներ, իսկ Արսալի մէջ՝ տասնեակներով զինեալներ եւ քաղաքայիններ։
Երեքշաբթի երկոյեան, Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի ջանքերով 24 ժամուան մարդասիրական զինադադար մը հաստատելու կարելիութիւնը իրականութիւն դարձած էր, եւ անոր իբրեւ արդիւնք, Արսալ մուտք գործած Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի պատուիրակութիւնը կրցած էր դուրս գալ Արսալէն։ Հոն վիրաւորուած շէյխ Սալեմ Ռաֆիհի փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, ուր յայտնեց, թէ զինեալները կը փափաքին լքել Արսալը եւ չեն ուզեր իշխել քաղաքին:
Աւելի ուշ, Արսալի մէջ դիրքաւորուած զինեալները ազատ արձակեցին իրենց գերեվարած ներքին ապահովութեան ուժերէն երեք անդամներ:
Լիբանանեան բանակը Արսալի մէջ արձանագրեց յառաջխաղացք մը՝ տիրանալով ռազմավարական յաւելեալ բարձունքներու: Բանակը հաղորդեց, թէ բախումներուն ընթացքին սպաննուած է Ապու Հասան Հոմսին, որ պատասխանատու էր լիբանանեան շրջաններ ուղարկուող ինքնաշարժներու ականման:
Բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի յայտնեց, որ Արսալի մէջ բանակը իր պայքարը շարունակելու համար կարիքը ունի զինուորական օժանդակութեան: Ան կոչ ուղղեց Ֆրանսայի՝ բանակը անմիջապէս զինելու, որովհետեւ Արսալի մէջ կացութիւնը բաւական վտանգաւոր է:
Չորեքշաբթի օր, Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորը լիբանանեան բանակին մէկ միլիառ տոլար տրամադրած է:
Հաղորդուրցաւ նաեւ, թէ Ուաշինկթըն եւ Ֆրանսա խոստացած են անյապաղ զէնք ու զինամթերք տրամադրել լիբանանեան բանակին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ