Գերմանիա «Օսքար»ին պիտի ներկայացնէ՞ Ցեղասպանութեան մասին ֆիլմը

By Asbarez | Wednesday, 06 August 2014

 

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «T24» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ տարուան ֆիլմարուեստի «Օսքար» մրցոյթին, Օտարալեզու ֆիլմերու ենթաբաժինին մէջ հաւանական է, որ ներկայացուի ծագումով թուրք գերմանացի բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքինի Հայկական Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Հատում» (The Cut) ֆիլմը:
Նոյն աղբիւրը կը նշէ, սակայն, որ «Օսքար»ներու մրցոյթի կանոններուն համաձայն՝ թեկնածու ֆիլմերը ներկայացնող երկիրին մէջ պէտք է մեծ պաստառ բարձրանան ամէնէն ուշը մինչեւ Սեպտեմբերի վերջը, մինչ «Հատում» ֆիլմի գերմանական առաջին ներկայացումը ցարդ նշանակուած է Հոկտեմբեր 16ին։


comments

Advertisement